Ուրբաթ, 19. 04. 2024

spot_img

Ստեփանոս Պետրոս Ժ. Ազարեան

Ստեփանոս Պետրոս Ժ. Ազարեան (19 Դեկտեմբեր 1826 – 19 Ապրիլ 1899), Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կաթողիկոս – պատրիարք 1881 թուականէն մինչեւ իր վախճանը 1899 թուականին։

Ծնած է 19 Դեկտեմբեր 1826-ին։ Կրթութիւնը ստացած է իր եղբօր՝ Արիստակէս Ազարեանի հետ Վիեննայի Մխիթարեան վանքին մէջ։

Դարձած է կուսակրօն։ Խօսած ու գրած է 8 լեզուներով ։ Կազմած է բառարան  յունարէն, իտալերէն, հայերէն եւ տաճկերէն լեզուներով։ Բառարանը լոյս տեսած է 1848 թուին, Վիեննայի մէջ։

1881-ին ընտրուած է Հայ Կաթողիկէ համայնքի՝ Կաթողիկոս – պատրիարք։ Վախճանած է 19 Ապրիլ 1899–ին, Պոլսոյ մէջ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին