Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Հայկազեան Համալսարանի նախաձեռնութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Յովհաննէս Շարամբէեանի անուան ժողովրդական արուեստներու թանգարանի մասնագէտներ լիբանահայ աշակերտներուն պիտի սորվեցնեն հայկական գորգի զարդանախշեր

6 Ապրիլ 2022-ին սկիզբ առաւ Հայկազեան Համալսարանի նախաձեռնութեամբ Պէյրութ ժամանած Հայաստանի Հանրապետութեան Յովհաննէս Շարամբէեանի անուան ժողովրդական արուեստներու թանգարանի երկու մասնագէտներու տասնօրեայ աշխատանոցը:

Ըստ ծրագրի՝ հայրենի մասնագէտները պիտի այցելեն լիբանահայ դպրոցները եւ շուրջ երկժամեայ աշխատանոցային ծրագրով լիբանահայ աշակերտներուն պիտի ծանօթացնեն հայկական գորգը, անոր իւրայատկութիւնները, յատկանիշերը եւ սորվեցնեն հայկական գորգի զարդանախշերը: Այնուհետեւ աշակերտները հայկական գորգի նախշերով գծուած եւ յատուկ պատրաստուած տախտակներու վրայ, իրենց տրամադրուած ներկերով պիտի ներկեն զարդանախշերը, ու իրենց հետ տանին իրենց տուները:

Ծրագիրը նպատակ կը հետապնդէ աշխատանոցային ծրագրաւորումով, հայ աշակերտը ծանօթացնել հայկական գորգին եւ անոր միջոցով զինք առաւել առնչել հայ մշակոյթին:

Ծրագրին նիւթապէս սատար կը կանգնին Պօղոսեան ու Թիւֆենքեան Հիմնարկները:

Հայկազեան Համալսարանի
ուսանողական գրասենեակ
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին