Շաբաթ, 07. 06. 2025

spot_img

Արցախէն Ժամանած Տաղանդաւոր Պատանիները Կ՚այցելեն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան հովանաւորութեամբ եւ «ՋԱՀ» (Ջաւախք, Արցախ, Հայաստան) յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Լիբանան կը գտնուին Արցախէն խումբ մը տաղանդաւոր պատանիներ, որոնք այցելեցին Անթիլիասի Մայրավանք եւ ստացան օրհնութիւնը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Երեքշաբթի, 5 Ապրիլ 2022-ի երեկոյեան։

Հայրապետը ջերմօրէն ողջունեց հայրենի հողին եւ ինքնութեան ամուր կառչած քաջարի զաւակները Արցախի եւ ուրախութիւն յայտնեց ի տես թշնամիին հանդէպ անոնց ցուցաբերած դիմադրութեան, որ այս պարագային կ՚արտացոլայ անոնց տաղանդին ընդմէջէն։ Պատանիները, իրենց կարգին, արտայայտուեցան արուեստի լեզուով եւ հրամցուցին փունջ մը ազգային երգեր ու երաժշտութիւն, ի ներկայութեան Հայրապետին եւ միաբան հայրերուն։ Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ մտերմիկ զրոյց, որուն աւարտին Նորին Ս. Օծութիւնը յուշանուէրներ յանձնեց փոքրիկ արուէստագէտներուն։

Նշենք, որ անցնող շաբթուան ընթացքին պատանիները լիբանանահայ գաղութին ծանօթացման զանազան տեսակցութիւններ ունեցան, որոնց շարքին՝ Դպրեվանք եւ «Թռչնոց Բոյն»։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին