Շաբաթ, 20. 04. 2024

spot_img

ՀԲԸՄ- ՀԵԸ Անդրանիկ Մշակութային Միութիւն Առնօ Բաբաջանեանին Նուիրուած Յիշատակի Երեկոյ

Մշակութային Արձագանգ

Մշակոյթը  եղած  է   հայուն   ազգային ինքնութիւնը պահպանելու  ՀԲԸՄ- ՀԵԸ- ի  գլխաւոր առաքելութիւններէն  մէկը:

Լիբանանի մէջ  Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանատան  բարձր   հովանաւորութեամբ,  Լիբանանի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան  Վահագն  Աթաբեկեանի,  հիւպատոս  Լէոնարտ Ապաճեանի, դեսպանատան անձնակազմին, ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային  Յանձնաժողովի անդամներու, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետին եւ անդամներու,  մշակութային հոծ  հասարակութեան  ներկայութեան,  Ուրբաթ, 1 Ապրիլ 2022-ի երեկոյեան, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ  Անդրանիկ  Մշակութային Միութեան կազմակերպութեամբ յիշատակի երեկոյ մը տեղի ունեցաւ նուիրուած  հայ մեծանուն  երաժիշտ, երգահան Առնօ Բաբաջանեանին, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան  կեդրոնին մէջ:

 Լիբանանի, Հայաստանի, ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի  քայլերգներու յոտնկայս  ունկնդրութենէն  ետք,   ՀԵԸ Անդրանիկ Մշակութային Միութեան ատենապետ Շահէ Պապահեքեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ի մասնաւորի անդրադառնալով  հայ մշակոյթի դերակատարութեան:  Ապա ան արժեւորեց  համաշխարհային եւ  հայ մշակոյթի   20-րդ դարու   հսկաներէն  Առնօ  Բաբաջանեան մարդուն  ստեղծագործութիւնները հայ երաժշտութիւնը  նոր բարձունքներ  հասցնելու  ճանապարհին:  Շահէ Պապահեքեան  դիտել տուաւ, որ  «Գորոնա» ժահրին պատճառով երկամեայ «անդամալուծութենէն» ետք, ՀԵԸ Անդրանիկ  Մշակութային  Միութիւնը  հայ  ունկնդիրը  պիտի  վերսկսի   յագեցնել  մշակութային զանազան  միջոցառումներով:

 Դաշնամուրի  վրայ   Սալբի  Թորիկեան  կատարեց Առնօ Բաբաջանեանի  «Մեղեդի»ն:

 ՀԵԸ Անդրանիկ  Մշակութային Միութեան  վարչականուհի Թալին Ինքնատիոսեան ամփոփ տողերու մէջ ներկայացուց  օրուան  բանախօս, արուեստագէտ,  երգահան եւ  խմբավար Կարօ Աւեսեանը, ապա հրաւիրեց  զինք բեմ:

 Յարգելի   բանախօսը  համապարփակ ներկայացուց  Առնօ Բաբաջանեան  հայ մարդը,  երաժիշտն ու երգահանը, անոր  կեանքին զանազան  հանգրուանները, տարբեր  ոլորտի ստեղծագործութիւնները, հայրենական եւ միջազգային բեմերու վրայ անոր  վայելած  համբաւն ու վաստակը, հայ մշակոյթին վրայ անոր  ձգած աւանդութիւնը, հայ եւ օտար շրջանակներու գնահատականները  մեծ արուեստագէտին:

 Սալբի Թորիկեան  դաշնամուրի վրայ կատարեց  մեծարեալին «Էլեկիա»ն:

  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Արին» պարախումբի  մենապարուհի Կայէլ Ալ Սուէյտի  մենապարով  հմայեց ներկաները:

 Ներկաները   հաճոյքով հետեւեցան  վարչութեան պատրաստած տեսաերիզին: 

 Ապա, Սուզանաննա Պալասանեան (ջութակ), Նայիրի Ղազարեան (թաւ ջութակ),  Սիրվարդ  Պոյաճեան ( դաշնամուր) լարային երրեակը  հատուածներ ներկայացուց Առնօ  Բաբաջանեանի   «Թրիօ»,  «Վոքալիզ» ստեղծագործութիւններէն,  ինչպէս նաեւ  Վաղարշապատի  պարը՝  Կարօ Աւեսեանի մշակումով:

  Ներկաներուն  բռւռն  ծափահարութիւններուն ընդառաջելով, լարային  երրեակը  կատարեց  «Ազգ  Փառապանծ»ը:

  Հանդիսութեան աւարտին  Թալին Ինքնատիոսեան հերթաբար հրաւիրեց Լիբանանի մէջ  Հայաստանի  հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբեկեանը,  ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեանը եւ  ՀԵԸ Անդրանիկ  Մշակութային Միութեան ատենապետ  Շահէ Պապահեքեանը  յուշանուէրով մը պատուելու  օրուան  բանախօս, արուեստագէտ, երաժիշտ  Կարօ Աւեսեանը:

 Սրտանց կը շնորհաւորենք ՀԵԸ  Անդրանիկ  Մշակութային Միութեան վարչութիւնը Լիբանանի  ընկերային-տնտեական  ծանր այս  օրերուն,  հանրութեան մտահոգութիւնները մշակոյթի   ճանապարհով  փարատելու գնահատելի   երեկոյին առիթով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին