Ուրբաթ, 06. 06. 2025

spot_img

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐ

Նախագահութեամբ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍին

Կիրակի, 3 Ապրիլ 2022-ի առաւօտեան ժամը 10։00-ին, Անթիլիասի Ուխտի օրուան առիթով, Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, պիտի մատուցուի Ս. եւ Անմահ Պատարագ։

Պիտի պատարագէ ու քարոզէ

ԳԵՐՇ. Տ. ԿՈՄԻՏԱՍ ԱՐՔ. ՕՀԱՆԵԱՆ

Ս. Պատարագի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ, մեր հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջով տեղի պիտի ունենայ աւանդական թափօր եւ պիտի կատարուի ջրօրհնէք։

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, Ս. Աջը պիտի տեղադրուի Ս. Խորանին բեմին վրայ եւ հոն պիտի մնայ մինչեւ իրիկուան ժամը 07։00։ Հաւատացեալներ հերթաբար մօտենալով պիտի կարողանան ստանալ մեր հաւատի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին Աջին օրհնութիւնը, ինչպէս նաեւ օրհնուած ջուր։

Իսկ Շաբաթ, 2 Ապրիլ 2022-ի երեկոյեան ժամը 07։00-ին Անթիլիաս ուխտի օրուան առիթով տեղի պիտի ունենայ հսկումի արարողութիւն, նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին եւ մասնակցութեամբ միաբան հայրերուն ու Դպրեվանքի ուսանողներուն։

Թագաժահրին (Coronavirus) ստեղծած պայմաններուն պարտադրանքով եւ մեր ժողովուրդին առողջապահութեան նկատմամբ մեր ունեցած նախանձախնդրութենէն մեկնելով, թելադրելի է որ յարգուին ժահրէն ապահով մնալու նախապայմանները։

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին