Հինգշաբթի, 18. 04. 2024

spot_img

Հայաստանի Ազգային Արխիւը` Մէկդարեայ Յոբելեանին Ընդառաջ

 «Իւրաքանչիւր ժողովրդի գիտակցական մակարդակը երեւում է նրանում,

թէ նա ինչպէս է վերաբերում սեփական արխիւին»

Պ. ՍԵՒԱԿ

Դարերու պատմութիւնն ու յիշողութիւնը իր մէջ կրող Հայաստանի Ազգային արխիւը կը դառնայ  100 տարեկան:

1923թ. Սեպտեմբեր 26-ի Հայկենտգործկոմի նախագահութեան որոշումով ստեղծուեցաւ Կենտգործկոմին առընթեր պետական կեդրոնական արխիւը: Իսկ 1924թ. Փետրուարին հաստատուեցաւ Հայաստանի Սոցիալիստական Խորհրդային Հանրապետութեան պետական կեդրոնական արխիւի կանոնադրութիւնը` արխիւային գործի վերաբերեալ առաջին օրէնսդրական ակտը:

ՀՍԽՀ Կենտգործկոմի քարտուղարութեան 1924թ. Մարտին նորաստեղծ արխիւի վարիչ նշանակուեցաւ փրոֆ. Խաչիկ Սամուէլեանը, որուն ղեկավարութեամբ հանրապետութեան առաջին արխիւագէտները ձեռնամուխ եղան շէնքերու նկուղներուն, սենեակներուն եւ այլ վայրերու մէջ սփռուած անմշակ արխիւային նիւթերու յայտնաբերման եւ պետական կեդրոնական արխիւին մէջ անոնց հաշուառման եւ մշակման գործին:

Այսպիսով, մեր ժողովուրդի մշակութային կեանքի ոլորտներէն մէկուն` արխիւներու հաւաքագրման,  հաշուառման, պահպանման  եւ օգտագործման գործը դրուեցաւ պետական հիմքերու վրայ:

1980թ. որոշում ընդունուեցաւ նաեւ Երեւան քաղաքի պետական արխիւ ստեղծելու մասին, որ սկսաւ գործել յաջորդ տարուան սկիզբը: Նոյն թուականին, ոլորտի հետ կապուած շինարարական աշխատանքներու իրականացումով, ի յայտ եկան արխիւային նոր կառոյցներ, ինչպէս նաեւ բարեկարգուեցան հիները: Արխիւային պարբերական ունենալու հարցը պետական ու գերատեսչական արխիւներու լայն ցանց ստեղծած Հայաստանի համար հասունցած էր դեռ 1940-ական թուականներուն, որ իրականութիւն դարձաւ 1950-ականի կէսերուն: Արխիւային առաջին պարբերականի` «գիտաինֆորմացիոն բիւլետենի» անդրանիկ համարը լոյս տեսաւ 1956 թուականին, վերջին` 21-րդ համարը` 1962-ին, երբ արդէն 3-րդ տարին էր, որ զուգահեռաբար սկսած էր լոյս տեսնել «Բանբեր Հայաստանի արխիւների» հանդէսը: Մինչ օրս հրապարակուած է հանդէսի 131 համար:

Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք՝ նորանկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) մասնակից երկիրներուն միջեւ ստեղծուած նոր փոխյարաբերութիւնները դրական անդրադարձան արխիւային գործին մէջ միջազգային համագործակցութեան հաստատման ու զարգացման վրայ: Ատիկա կը վկայեն 1990-ական թուականներու կէսերէն սկսեալ` տարբեր երկիրներու արխիւային հաստատութիւններու մակարդակով համատեղ խորհրդակցութիւններու, գիտաժողովներու, այլ միջոցառումներու իրականացումը:

Հայաստանի Ազգային արխիւը աշխուժօրէն ներգրաւուած է ԱՊՀ մասնակից երկիրներու եւ միջազգային կառոյցներու հետ համագործակցութեան. 1994 թ. կը հանդիսանայ Արխիւներու միջազգային խորհուրդի (ԱՄԽ) անդամ, յետագային նաեւ վերջինիս Եւրասիական բաժանմունքի («Եւրազիկա») անդամ, իսկ 2004 թ.` ԱՊՀ երկիրներու պետական արխիւային ծառայութիւններու ղեկավարներու խորհրդատուական խորհուրդի անդամ:

Հայաստանի Ազգային արխիւը զարգացման նոր փուլ թեւակոխեց նորընտիր տնօրէն, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Գրիգոր Արշակեանի նշանակումով, որ որդեգրած է նախապէս ձեռք բերուած աւանդոյթներու շարունակականութեան քաղաքականութիւնը` զայն հարստացնելով ժամանակակից տարբեր գործիքակազմերով, վերջնանպատակ ունենալով Արխիւը դարձնել ազգային մակնիշ:

Հայաստանի Ազգային արխիւը գերատեսչական համագործակցութիւն կ՝իրականացնէ շարք մը երկիրներու` ՌԴ, Պիելառուսիոյ, Լեհաստանի, Վրաստանի, Ֆրանսայի, Ուքրանիոյ, Իրանի, Պուլկարիոյ, Սերպիոյ, Մոլտովայի, Ղազախստանի արխիւային ծառայութիւններուն հետ,  ինչպէս նաեւ` սփիւռքեան համահայկական խոշոր կառոյցներու, գիտակրթական, բարեգործական կազմակերպութիւններու, սփիւռքի յայտնի անհատներու հետ. ձեռք կը բերուին փոխշահաւէտ համաձայնութիւններ:

Հանդիպումներու ընթացքին Հայաստանի Ազգային արխիւին համար իբրեւ առաջնահերթութիւն կարեւոր համարուած են Արխիւի արդիականացման` թուայնացման, ժամանակակից սարքերով վերազինման հարցերը, ինչպէս նաեւ գիտահետազօտական աշխատանքներու կարեւորութիւնն ու առանձնայատկութիւնը` որպէս հայ ինքնութեան պահպանման ու սերունդներուն փոխանցման առանցքային օղակ:

Ներկայիս հայ արխիւագէտներու կողմէ աշխատանքներ կը տարուին սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն հետ ստեղծագործական կապերու եւ համագործակցութեան զարգացման ուղղութեամբ, խորապէս համոզուած ըլլալով, որ հնարաւոր ու փոխշահեկան է համատեղ իրականացնել փաստաթուղթերու, ժողովածուներու կազմման, գիտական ուսումնասիրութիւններու իրագործման, ցուցահանդէսներու կազմակերպման եւ ազգօգուտ այլ աշխատանքներ` հիմք ունենալով Հայաստանի Ազգային արխիւին մէջ յաւերժ հանգրուանած փաստաթղթային տեղեկատւութեան հարուստ պաշարները:

Վերջին շրջանին բարեկարգուած են Հայաստանի Ազգային արխիւի շէնքային պայմանները, ձեռք բերուած են պատճէնահանման նոր սարքեր, պատրաստուած են փաստաթուղթերու ժողովածուներ, գիտական ուսումնասիրութիւններ, մենագրութիւններ, ցուցադրութիւններ, համալրուած են եւ կը համալրուին Հայաստանի Ազգային արխիւի ֆոնտերը, զգալիօրէն նորացուած են սարքերը:  Աւելի քան 200 միլիոն դրամի ներդրման շնորհիւ` Արխիւը համալրուած է վերջին սերունդի թուայնացման սարքերով ու սըրվըրներով, փոխուած են հակահրդեհային համակարգը եւ պահոցներու ջերմային սարքերը, ներդրուած են ելեկտրոնային հարցումներու համակարգը եւ մէկ պատուհանի սկզբունքը, դիւրացուած է ուսումնասիրողներու սպասարկման գործընթացը, լայնօրէն կ՝իրականացուի արխիւային հաւաքածուի հանրահռչակումը ընկերային ցանցերու (Facebook, Instagram, Twitter) մէջ, կը գործէ Հայաստանի Ազգային արխիւի Youtube-եան ալիքը, կը վերագործարկուի Հայաստանի Ազգային արխիւի նորացուած կայքէջը, ջանքեր կը գործադրուին արխիւային ծառայութիւններու (յատկապէս վերջին տարիներուն մեծ հետաքրքրութիւն վայելող տոհմածառերու կազմման, փաստաթուղթերու բարձրորակ պատճէններու տրամադրման) ներկայացման եւ ընդլայնման ուղղութեամբ:

Տոհմագրութեան կազմումը յիշողութեան առարկայացումն է, ինչպէս նաեւ յարգանքի մատուցում` մեր նախնիներուն ու մեր ծագման: Ատիկա կ՝օգնէ սերունդներու աչքին առջեւ ունենալ սեփական տոհմի պատմութիւնը, անոնց դաստիարակել հայ ինքնութեան ոգիով: Հայաստանի Ազգային արխիւին մէջ կը պահպանուին 18-րդ դարու եւ 20-րդ դարու առաջին քառորդին մէջ կազմուած աշխարհագրեր, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ չափաբերական մատեաններ, վիճակագրական քարտեր ու գիւղատնտեսական տնաթերթիկներ, որոնք կ՝օգտագործուին տոհմագրութեան աշխատանքներուն մէջ:

Պետական արխիւային ծառայութեան աշխատանքը պէտք է նպաստէ երկրին մէջ անկախ պետականութեան կայացման ու ամրապնդման գործին, սերունդներուն  ժողովուրդի անցեալի համար հպարտութեան, ներկային` նուիրումի եւ ապագային` հաւատքի ոգիով դաստիարակելու վեհ նպատակներուն, օգնէ ծառացած համապետական ու համազգային խնդիրներու լուծման:

Այսօր Հայաստանի Ազգային արխիւը իր աշխատանքային ոչ մեծ խումբով եւ արհեստավարժ յագեցուածութեամբ պատրաստակամօրէն լծուած է արխիւային հարուստ հաւաքածուն գիտական հանրութեան եւ աշխարհասփիւռ հայութեան հասանելի, այդ հաւաքածուի համալրման հաղորդակից դարձնելու, ինչպէս նաեւ արտերկրի մէջ անիկա հանրահռչակելու եւ յաւուր պատշաճի ներկայացնելու եւ, ի հարկէ, իրենց տոհմի պատմութիւնը վերհանելու եւ ստեղծելու գործընթացներուն:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին