ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի մարզախումբերը չորս փայլուն յաղթանակ արձանագրեցին շաբաթավերջին:
ՀԵԸ Անդրանիկ մինի ֆութպոլի տղոց կազմը Շաբաթ օր՝ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ֆրենտզը եւ հասաւ Լիբանանի բաժակի կիսաւարտականին:
Կիսաւարտականին, ՀԵԸ Անդրանիկի մրցակիցը պիտի ըլլայ Ղասանիէն: Ճակատումը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ 1 Ապրիլ 2022, կէսօրէ ետք ժամը՝ -ին, ՀԵԸ Անդրանիկի մարզադաշտին մէջ եւ ուղիղ հաղորդումով պիտի սփռուի հեռատեսիլի Էլ.Պի.Սի կայանէն: Աւարտականի մրցումը նոյնպէս տեղի պիտի ունենայ ՀԵԸ Անդրանիկի մարզադաշտին մէջ: (նկար թիւ 1)

ՀԵԸ Անդրանիկ Մինի Ֆութպոլի խումբին գլխաւոր մարզիչն է Ատէլ Ռիզքը, օգնական մարզիչը՝ Գօգօ Ալոզեանը, վարչական պատասխանատուն՝ Ալեքս Առաքելեանը, իսկ ֆետերասիոնին մէջ ՀԵԸ-ի ներկայացուցիչը՝ Թոնի Ճունթոյեանը:
Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան հերթական մրցումներու գծով, ՀԵԸ Անդրանիկի տղաքը յետ երկարաձգումի ՝108-105 արդիւնքով պարտութեան մատնեցին Զահլէի Անիպալը: Մրցումը տեղի ունեցաւ այս վերջնոյն դաշտին մէջ: (նկար թիւ 2):

Միւս կողմէ, աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներու գծով, ՀԵԸ Անդրանիկ Սին էլ ֆիլ՝ 61-45 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Եու.Էս. Ժէ-ն: ՀԵԸ Անդրանիկ աղջկանց խումբին վարչական պատասխանատուն է Նայիրի Սուէյտին: (նկար թիւ 3):

Յաղթանակներու ամենափայլունը անկասկած արձանագրուեցաւ փինկ փոնկի մէջ, երբ ՀԵԸ Անդրանիկը ներկայացնող Մարիանա Սահակեան շահեցաւ փինկ փոնկի Լիբանանի բաժակը: Տղոց կազմը դարձաւ բաժակի ֆինալիստ: ՀԵԸ Անդրանիկ փինկ փոնկի խումբերուն գլխաւոր մարզիչն է Մելիք Թաուիլը, վարչական պատասխանատուն՝ Սահակ Պիտինեանը: (նկար թիւ 4 ):

Նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի բոլոր մարզական կազմերուն եւ վարչական պատասխանատուներուն: