Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Ամենայն Հայոց Հայրապետը Ընդունեց Ընկ. Սեւակ Յակոբեանը

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին մէջ Երեքշաբթի 15 Մարտ 2022ին ընդունեց ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եւ ԶԱՐԹՕՆՔ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր՝ ընկ. Սեւակ Յակոբեանը, որ աշխատանքային այցելութեամբ ատենէ մը ի վեր կը գտնուի Հայաստան:

Հանդիպման կարեւոր մէկ մասին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վանական խորհուրդի ատենապետ եւ Մայր Տաճարի Լուսարարապետ Գերաշնորհ Տ․Մուշեղ եպիսկոպոս Բաբայեանը:

Հայրենիքին եւ Հայ ժողովուրդին դիմագրաւած ներկայ իրավիճակին լոյսին տակ, ընկ. Յակոբեան Վեհափառ տիրոջ հետ քննարկեց ընդհանրապէս Հայ ժողովուրդը եւ ի մասնաւորի Հայաստանը, Արցախը եւ Լիբանանը յուզող հարցեր:

Ընկ. Յակոբեան դրուատեց վերջերս կայացած նախագահի երդմնառութեան արարողութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին արտասանած խորիմաստ խօսքի պատմական կարեւորութիւնը, որ կ՛արտացոլացնէր Մայր Աթոռին յոյզերը ինչ կը վերաբերի այս տագնապալի հանգրուանին: Հանդիպման ընթացքին, Ամենայն Հայոց Հայրապետը ինչպէս միշտ մօտէն հետաքրքրուեցաւ լիբանանահայ համայնքի տագնապալի առօրեայով:

Աւարտին ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Վեհափառը ամուր կամք, յարատեւութիւն եւ տոկունութիւն մաղթեց ընկ. Յակոբեանին եւ իր միջոցաւ լիբանանահայ համայնքին ընդհանրապէս՝ իր օրհնութիւնը շնորհելով բոլորին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին