Հինգշաբթի, 25. 04. 2024

spot_img

Մինչ Տնտեսական եւ Ընկերային Տագնապը Աւելի Եւս Կը Սրի Այլ Վտանգաւոր Երեւոյթներ Կը Յայտնուին Ամէն Օր

Մինչ Լիբանան կ՛ապրի ընկերատնտեսական ահաւոր տագնապ, որ վառելանիւթի սակի ահաւոր աճէն ետք երէկ արտացոլաց նաեւ ինթըրնէթի ժամերով անջատումով:

Այս բանին զուգահեռ, վտանգաւոր երեւոյթ մը պատահեցաւ Պէյրութի «Գիրքի Միջազգային Ցուցահանդէս»ի սրահին մէջ, երբ երիտասարդներ փորձեցին բողոքել այնտեղ յայտնուած Իրանի զինուորական առաջնորդ՝ Քասէմ Սուլէյմանիի հսկայական նկարի պարզումին ի տես: Այս բողոքին հակադարձեցին այնտեղ գտնուող՝ Իրանի համախոհ երիտասարդներ, որ տեղւոյն վրայ կռիւի մը առիթը տուաւ:

Այս բոլորը, մինչ պետութիւնը զբաղած է ընտրութիւններ կազմակերպելով, որ սկզբունքով տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ Մայիսին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին