Եանիկեանի Հերոսական Արարքին Հզօր Ազդեցութիւնը Սերունդի Մը Վրայ
Սեւակ Յակոբեանի Խօսքը «Նպատակ եւ Ճշմարտութիւն» Խորագրով Միջոցառումներու Շարքին Մեկնարկին
Բարեւ ձեզ սիրելի հայրենակիցներ, գաղափարական զինակիցներ,
Այսօր այս սրահին մէջ ես կը տեսնեմ տղաք, որոնք անձնապէս ազդուած են Գուրգէն Եանիկեանի անձնական օրինակով տուած մղումէն ու ապա իրենց գործնական մասնակցութիւնը բերած են ազատագրական պայքարի մը, որ իրենց տեսանկիւնէն ու համոզմամբ (անշուշտ նկատի առած 1970ական եւ 80ական թուականներու պայմանները) իրենց լաւագոյնը ըրին սատարելու Հայ դատին:
Եանիկեանի օրինակէն ազդուած հերոս տղոցմէ շատերը ինկան այդ ճանապարհին վրայ, գիտակցաբար զոհաբերելով ամենաթանկ բանը՝ որ իրենց մատղաշ կեանքն էր: Այդ տղոց յիշատակն ու հոգիները նաեւ այսօր ես կ՛ուզեմ հաւատալ, որ այստեղ են մեզի հետ:
Ուրեմն ողջոյն, ինչպէս՝ ֆիզիքապէս, նաեւ իրենց յիշատակովը այստեղ ներկաներուն:
Գուրգէն Եանիկեանի անձնական օրինակով տուած դասին կարեւորութիւնը շեշտելու համար, պէտք է այստեղ մէջբերել իր իսկ խօսքը. «Ես պայքարի նոր ձեւ յօրինած եմ: Ես կ՛երթամ առջեւէն, դուք հետեւեցէք ինծի»: Իսկական գնդապետի մը, հրամանատարի մը արժանիքը, որ իր գումարտակի զինուորներուն առջեւէն կը քալէ մարտի պահուն եւ ոչ թէ ապահով վայրերէ հրաման կ՛արձակէ: Հրամանատար, որ պատրաստ է զոհուելու առաջինը: Արիութեան գերագոյն օրինակը հանդիսանալով իր ետեւէն գացող տղոց:
Գուրգէն Եանիկեանի գործողութիւնն ու յղած կոչերը թունդ հանեցին հայ երիտասարդութեան հոգիները եւ մեծագոյն խթանը հանդիսացան Հայաստանի ազատագրութեան հայ գաղտնի բանակի ստեղծման համար: Պատահական չէր, որ կազմակերպութիւնը սկզբնական շրջանին կոչուեցաւ «Գերի Գուրգէն Եանիկեանի Խումբ»:
Տարբեր երկիրներու հայկական համայնքներէն երիտասարդներ շտապեցին համալրել ԱՍԱԼԱ-ի շարքերը: Ձեւաւորուեցան շարք մը մարտախումբեր, որոնց իրագործած պարբերական գործողութիւնները եւ անոնց յաջորդած յայտարարութիւնները վերարթնցուցին կորուսեալ Հայրենիքը վերադարձնելու հայութեան յոյսերը: Սրբեցին մոռացութեան ու անտարբերութեան փոշին Հայոց ցեղասպանութեան փաստին վրայէն: Միջազգային ընտանիքին մտածել տալու առիթ հանդիսացան:
Աշխարհի բոլոր ծագերուն միլիոնաւոր մարդոց համար գուցէ առաջին անգամ ըլլալով բացայայտուեցաւ, որ եղած է Հայոց ցեղասպանութիւն: Անոնցմէ շատերը սկսան լրջօրէն ուսումնասիրել այդ ողբերգութիւնը ծնող պատճառներն ու հետեւանքները: Ցեղասպանութեան թեման դուրս գալով նեղ հայկական միջավայրէն, դարձաւ միջազգային լրատուամիջոցներու ամենօրեայ քննարկման նիւթ: Այս թեման մուտք գործեց միջազգային պատկան ատեաններու եւ տասնեակ պետութիւններու օրէնսդիր մարմիններու օրակարգը: Իսկ ԱՍԱԼԱ-ի ազատամարտիկներու իրար յաջորդող գործողութիւնները մշտապէս խնդիրը պահեցին հրատապ լուրերու հարթակին վրայ:
Հայկական դատի տարածման մեծապէս նպաստեց նաեւ ԱՍԱԼԱ-ի գործողութիւններուն արդիւնքով Թուրքիոյ մէջ ծայր առած խուճապը: Ցեղասպանութեան փաստը ծածկելու եւ խեղաթիւրելու հիսթերիկ ջանքերը, միլիոնաւոր տոլարներու գնով կազմակերպուած կեղծ ու պատիր քարոզչութիւնը, Թուրքիոյ մէջ ապրող հայութեան հասցէին հնչող սպառնալիքները, այլ պետութիւններուն մէջ հակահայ տրամադրութիւններ ստեղծելուն միտուած յամառ ու լկտի սադրանքները տուին ճիշդ հակառակ արդիւնքը` առաւել բորբոքելով ցեղասպանութեան ճանաչման հետամուտ միջազգային շրջանակներու վրդովմունքը:
Ցեղասպանութեան թեման երկար տարիներու լճացած եւ միօրինակ իրավիճակէն դուրս բերելու խթանը հանդիսացողը եղաւ 78 տարեկան անձագրային արձանագրութեամբ ծերունի մը մինչ հոգիով աւելի քան երիտասարդ ու տեսլականի տէր անձ մը, որ կը կոչուէր Գուրգէն Եանիկեան: Եանիկեանը հանդիսացաւ գաղափարական կնքահայր մը: Շատ մը երիտասարդներու տեսլականին քաւորը:
Եանիկեանի օրինակը ոգեշնչող էր: Եւ ինչպէս վերը ըսի՝ Հայկական զանազան գաղթօջախներուն մէջ, ներառեալ, այդ օրերուն ազգային հնոցը հանդիսացող Լիբանանահայութեան մօտ հակաթուրք հզօր ալիք բարձրացաւ: Յանուն հայրենիքի եւ գաղափարականի իրենց կեանքը գիտակցաբար վտանգի ենթարկած կամ զոհած լիբանանահայ եւ ոչ միայն լիբանանահայ ԱՍԱԼԱ-ի անդամ երիտասարդներուն կատարած գործողութիւնները ցնցեցին աշխարհը: Աւելի քան յիշարժան արարք դարձան ազգային ազատագրական շարժումներու պատմութեան մէջ: Անոնք դարձան խորհրդանիշ եւ փարոս շատերուն համար:
Արդարութեան սիրոյն, այստեղ պէտք չէ ուրանալ հայկական ազգային կուսակցութիւններուն դերն ու գործը սփիւռքահայ սերունդներուն մէջ վառ պահելու Հայ դատին կրակը: Սակայն առարկայական ըլլալու համար համար պէտք է ընդունիլ, որ երկար տարիներ անոնց ուսուցանածը տեսական էր: Եանիկեան իր անձնական օրինակով տուաւ գործնական դասը: Ժամանակակից ակադեմական լեզուով Եանիկեան հանդիսացաւ Hands on application-ի դասատուն:
Եանիկեանի նշանաւոր արարքը միակը չէր սեփականը նուիրաբերելու իր տուած անձնական օրինակներուն մէջ: 1972-ին ան ԱՄՆ-էն գալով այցելած էր Հայաստանի Մարտիրոս Սարեանի անուան տուն-թանգարանը ուր նուիրած էր Սարեանի «Արեւելեան սենեակ» գեղանկարը (ստեղծուած 1918ին), որ Սարեանի ստեղծագործութիւններուն շարքին մէջ երկար տարիներ կը համարուէր անհետ կորած արժէքաւոր գործ։
Եանիկեանի նրբօրէն կազմակերպուած ծրագրաւորումը՝ իրագործելու համար թուրք դիւանագէտներուն սպանելու իր նպատակը, այլ անձնական օրինակ մըն էր, որմէ կ՛ենթադրեմ, որ մեծ դասեր քաղեցին ԱՍԱԼԱ-ի տղաքը իրենց լուռ, գաղտնի եւ բծախնդրօրէն կազմակերպուած գործելաձեւով:
Վերադառնանք Լիբանան 1970ականներ: Հայ երիտասարդութիւնը կ՛ապրէր յուսախաբութիւն այն ինչ կը վերաբերի Հայ ազգային կուսակցութիւններու հայկական դատին վերաբերող գործելաձեւին: Դասախօսութիւններ, ցոյցեր, քայլարշաւներ ու աշխարհի ղեկավարներուն յղուած, շատ յաճախ հայերէնով գրուած բաց եւ գոց նամակները իրենց անզօրութիւնը փաստած էին…: Լիբանանի եւ ընդհարապէս Մերձաւոր Արեւելքի մէջ կար Պաղեստինեան ազատագրական պայքարի վառ օրինակը, եռուն էր ձախակողմեան հակում ունեցող շարժումներու եւ խմբաւորումներու կեանքը: Առկայ էր նաեւ քաղաքացիական պատերազմի ընձեռած անկանոն իրավիճակը, որ առիթ մըն էր լուսարձակներէ հեռու եւ ազատօրէն մարտական մարզումներ իրագործելու, պետութեան հասանելիութիւնէն հեռու շրջաններու մէջ: Այս բոլորին մէկտեղումը առիթ մըն էր ԱՍԱԼԱին իր գերագոյն նպատակը իրագործելու եւ հետեւելու Եանիկեանի բացած ուղիին: Լիբանանի հայկական օրաթերթերուն, նամանաւանդ «Արարատ»ի եւ «Զարթօնք»ի լայն արձագանգը Եանիկեանի օրինակելի արարքին ու դատավարութեան ընթացքին, ինչպէս նաեւ անոր յաջորդող իրադարձութիւններուն, նաեւ իրենց դերը կը կարծեմ որ ունեցան լիբանանահայութեան հաւաքական հոգեբանութեանը վրայ: Ի դէպ Օգոստոս 2016-ին «Զարթօնք»ի կազմակերպութեամբ Երեւանի Թէքէեան Կեդրոնին մէջ կայացաւ «Զարթօնք»ի օգնական խմբագիր եւ աշխատակից, մեր սիրելի գործընկեր եւ ԱՍԱԼԱ-ի հաւատաւոր, Յովսէփ Արթինեանի «Գուրգէն Եանիկեանի արարքի արձագանքներու եւ հայ-թրքական հակամարտութեան մասին հրապարակումներու մատենագրութիւն» գիրքին շնորհանդէսը: Մատենագիտական գիրք մը, որ հիմնուած էր վերոյիշեալ երկու օրաթերթերուն մէջ 1973-1995 թուականներուն լոյս տեսած հրապարակումներուն վրայ: Նման աշխատասիրութիւն մը, ո՛չ միայն աղբիւրագիտական կարեւոր ուղեցոյց է հայ-թրքական հակամարտութիւնները ուսումնասիրող պատմաբաններուն համար, այլ իր կարգին կրնայ որպէս օրինակ եւ խթան հանդիսանալ այսօրուայ երիտասարդութեան համար Հայրենիքի, թէ Սփիւռքի մէջ մեր ժամանակներուն ընձեռած նոր պայմաններով եւ ուրոյն գործելաձեւով, շարունակելու՝ Եանիկեանի գծած ուղին…:
Մնացեալին մասին արդէն իմ աւելի բանիմաց գործընկերներս այստեղ համապարփակ կերպով խօսեցան ու տակաւին կը խօսին: Ինծի կը մնայ մեծ հաւատքով շեշտել, որ Հայ ժողովուրդի նորօրեայ դառն պատմութիւնն ու մերօրեայ մռայլ իրավիճակը անպայմանօրէն դարձեալ պիտի ծնին Եանիկեաններ ու անոր քաջ սանուկներուն նման անձնուրաց նոր տղաք, որոնք իրենց անձնական օրինակով դուռը պիտի բանան մեր առջեւ ձերբազատուելու այն պատմական թիւրիմացութենէն, որ ազգովին կ՛ապրինք այսօր: Ձերբազատուելու, ներքին եւ արտաքին թուրքերէն, որպէսզի յաջորդող սերունդները իրենց հայկականութեամբ ու ժառանգած ազգային արժանիքներով՝ հպարտութեամբ շարունակեն ապրիլ դարեր: