Շաբաթ, 07. 06. 2025

spot_img

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ՎԻԳԷՆ ՉԵՐՉԵԱՆԸ

   Լիբանանի սկաուտական  ֆետերասիոնին  կազմակերպութեամբ, Լիբանանի մէջ սկաուտական շարժումի հիմնադրութեան  110-ամեակին առիթով,  մեծարանքի եւ պարգեւատրման  արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ Շաբաթ,  26 Փետրուար  2022-ի յետմիջօրէին, Անթունիյէի կրթական համալիրին մէջ, Պաապտա: 

Պարգեւատրման արժանացան  միջազգային, արաբական եւ լիբանանեան սկաուտական կեանքին մէջ գնահատելի  դերակատարութիւն եւ  ներդրում ունեցող անձնաւորութիւններ:

 Այս յիշատակելի  հանդիսութեան առիթով, Լիբանանի  երիտասարդական եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժորժ Քելէսի ձեռամբ  շքանշան եւ գնահատանքի վկայական ստացաւ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական  Վարչութեան ատենապետ  Վիգէն Չերչեանը՝  լիբանանեան սկաուտական  եւ միութենական կեանքի մէջ նուիրեալ եւ  հետեւողական աշխատանքին  համար:

Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան համաշխարհային սկաուտական ֆետերասիոնի նախագահ Էնտի Շեփմընը, փոխնախագահ Սառա Ռիթա Քաթան, Եգիպտոսէն, Թունուզէն, Յորդանանէն եւ արաբական սկաուտական  կառոյցներէ  ներկայացուցիչներ, Լիբանանի  երիտասարդական եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժորժ Քելէսը, Լիբանանի  ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Ղրէյպը, երիտասարդութեան եւ   մարմնակրթութեան  նախկին նախարար  Վարդինէ  Օհանեան- Գէորգեանը, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական  Վարչութեան անդամներ, ՀԵԸ Անդրանիկ  Անթիլիասի  եւ  Սեւանի  սկաուտական պատասխանատուներ, Սքութ  տիւ   Լիպանի Քոմիթէ  տիրեքթէօրի  մէջ  ՀԵԸ- ի ներկայացուցիչ եղբ.Կարօ  Գալինճեան եւ այլ անձնաւորութիւններ:

Ի սրտէ կը շնորհաւորենք Վիգէն Չերչեանը այս  գնահատելի  պարգեւատրութեան առիթով, մաղթելով  բեղմնաւոր եւ  արդիւնաւէտ  գործունէութիւն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին