Հինգշաբթի, 25. 04. 2024

spot_img

Մանուկներու Բացատրական Աստուածաշունչի Ներկայացում Եւ Գինեձօն Քուէյթի Մէջ

Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Պետրոս Ծ. Վրդ. Մանուէլեանի հովանաւորութեամբ՝ Չորեքշաբթի, 22 Փետրուար, 2022ին երեկոյեան ժամը 8:30ին, Սբ. Վարդանանց Եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութեան հրատարակած «Մանուկներու Բացատրական Աստուածաշունչ»ի հայերէն տպագրութեան գինեձօնը: Ներկայ էին՝ Սբ. Վարդանանց Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ եւ Աստուածաշունչի Ընկերութեան Ծոցի Խնամակալ Մարմինի ատենապետ Արժ. Տ. Արտակ Ա. Քհնյ. Քէհեաեանը, Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանը, «Մանուկներու Բացատրական Աստուածաշունչ»ի հայերէն թարգմանութեան պատասխանատու Դոկտ. Արտա Ճէպէճեանը, Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչներ եւ խումբ մը քուէյթահայեր:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց Արժ. Տ. Արտակ Ա. Քհնյ. Քէհեաեան, որ ողջունելով ներկաները, անդրադարձաւ Աստուածաշունչի կենսական կարեւորութեան եւ այդ ծիրէն ներս Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութեան տարած աշխատանքներուն: Ան դիտել տուաւ, որ 1600 տարուան ընթացքին թէեւ եղած են շատ մը փոփոխութիւններ, սակայն Աստուածաշունչը չէ կորսնցուցած իր կարեւորութիւնը: Ան ուրախութեամբ յայտնեց նաեւ, որ Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութիւնը գիտութեան սրընթաց զարգացումի այս դարուն կը պահէ իր այժմէականութիւնը եւ նորովի կը մատուցուի:

Ապա խօսքը տրուեցաւ Քուէյթի Ազգային Վարժարանի հայրենաւանդ ուսուցիչ Պրն. Ճորճ Արապաթլեանին, որ համապարփակ տեղեկութիւն տուաւ «Մանուկներու Բացատրական Աստուածաշունչ»ին մասին: Ան ըսաւ. «Քրիստոնէութիւնը միայն կրօնք չէ, այլ՝ կենսակերպ, իսկ Աստուածաշունչը՝ կեանքի ուղեցոյց: Այս իմաստով հոյակապ գիրք է «Մանուկներու Բացատրական Աստուածաշունչ»ը, ուր մանկավարժական հիմունքներով ներկայացուած են Աստուածաշունչի դէպքերը եւ զանազան հարցումներով ու առաջադրանքներով՝ զանոնք կապած մեր կեանքին»: Ան դիտել տուաւ, թէ գիրքը մատչելի դարձնելու նպատակով՝ պատմութիւնները շարադրուած են մանուկներուն համար դիւրըմբռնելի հայերէնով մը:

Այնուհետեւ խօսք առաւ Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան, որ անդրադարձաւ Սուրբ Գիրքի հայերէն թարգմանութեանց, հպարտօրէն նշելով, որ միա’յն հայերս զայն «Աստուածաշունչ» կոչած ենք: Ան ըսաւ նաեւ, որ անկարելի է հայուն ազգային ինքնութիւնն ու կրօնքը բաժնել իրարմէ:

Հուսկ, Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Պետրոս Ծ. Վրդ. Մանուէլեան մեծապէս գնահատեց ինչպէս «Մանուկներու Բացատրական Աստուածաշունչ»ին ներկայացումը, նոյնպէս ալ անոր հայերէն հրատարակութիւնը, որ կատարուած է Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութեան կողմէ Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի եւ անոր տիկնոջ՝ Դոկտ. Արտա Ճէպէճեանի աշխատանքով: Գերպ. Հայր Սուրբը յիշեց, թէ Դեկտեմբեր ամսուն աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ, գնահատելով Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի տարիներու վաստակն ու ծառայութիւնը՝ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրած էր զինք:

Աւարտին տեղի ունեցաւ աւանդական գինեձօնի արարողութիւն, գիրքերու մակագրութիւն եւ փոքրիկ հիւրասիրութիւն:

Ներկայ մը
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին