Տեսանկիւն
Վերջերս մեծ աղմուկով ընթացք առին FlyOne Armenia կոչուող օդանաւային ընկերութեան Երեւան – Իսթանպուլ ուղիղ (չարթըր) չուերթները:
Անկախ մեր սկզբունքային հակաթուրք կեցուածքէն ու վերապահութիւններէն, այն ինչ կը վերաբերի, Թուրքիոյ արտադրութիւններուն եւ զբօսաշրջութեան քաջալերանքին, վերոյիշեալ չուերթներուն դէմ ընթացք առած քարոզչութիւնը ու զայն հակակշռել փորձող յայտարարութիւնները երեւոյթ սկսան դառնալ:
Ընդդիմութիւնը իր հակակշիռին տակ եղող ամբողջ մամուլը ի գործ դրած է վարկաբեկելու վերոյիշեալ ընկերութիւնն ու անոր չուերթները դէպի Իսթանպուլ: Ընդդիմութեան հովանիին կամ ազդեցութեան տակ գործող ընկերային համացանցի իրական, թէ կեղծ օգտատէրերը զօրաշարժի ենթարկուած են անդադար հարուածելու դէպի Իսթանպուլ թռիչքներ իրականացնող օդանաւային ընկերութիւնը: Ի տես այս հակաքարոզչութեան, նշեալ ընկերութիւնն ու անոր սեփականատիրոջ հովանաւորող Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները իրենց ենթակայ մամուլով եւ մասամբ նորին, ամէն ինչ կ՛ընեն արդարացնելու համար տուեալ ընկերութեան, նշեալ քայլը: Սոյն իրավիճակին վրայ եկաւ աւելնալու նաեւ Fly One-ի դէպի Իսթանպուլ առաջին չուերթին չափազանցուած ընդունելութիւնը՝ Պոլսոյ մէջ տեղւոյն համայնքի ներկայացուցիչներուն կողմէ…:
Վերոյիշեալ վիճակին մէջ մեզի ապշեցնող երեւոյթը այն է, որ Երեւան-Իսթանպուլ չարթըր թռիչքներ 1990-ականներէն ի վեր մինչեւ 2019 անաղմուկ տեղի ունեցած են եւ դադրած են, ոչ թէ ազգային զգացումներով ու նպատակներով կամ թրքական կողմի թշնամութեամբ, այլ՝ պարզապէս զայն իրականացնող օդանաւային ընկերութեան, սեփականատէր մայր հաստատութեան ՝ Աթլաս կլոպըլի սնանկացումով…:
Հիմնուելով այս քիչ մը երկարած ներածականին վրայ, մեզի կը մնայ շեշտել, որ ընդդիմութեան գրոհը աւելի կը նպաստէ տուեալ ընկերութեան գովազդին քան հակաթուրք սկզբունքի արտացոլացումին: Սխալ ռազմավարութեամբ գրոհ մը, որ եթէ գումարենք անոր հանդէպ հակադարձութեան, ու հայկական մամուլի հարթակներուն վրայ երկուքին միատեղ զբաղեցուցած տեղին վրայ, ապա կ՛ունենանք FlyOne Armenia-ի յօգուտ լաւագոյն գովազդը, զորս ընելու համար հսկայական պիւտճէ մը տրամադրած պէտք է ըլլար նշեալ ընկերութեան տնօրէնութիւնը: Կը մնայ այստեղ հարցնել «գոյութենական» հարցում մը. Այս վիճակը ստեղծողները տարրական ողջմտութիւնը ունի՞ն: Առեւտրական գիտութիւններու մեծ իմացականութեան ալ պէտք չկայ այս բանը հասկնալու համար: Ի դէպ, տեղին է այստեղ տեղեկացնել, որ FlyOne Armenia-ի յաջորդ չուերթին տոմսերը երէկուայ դրութեամբ արդէն սպառած էին….:
Կը մնայ յիշեցնել, որ ընդդիմութեան սխալ ռազմավարութիւնն ու հակաիշխանական պայքարի ապիկար տնօրինումը՝ ատենի 17 կուսակցութիւններու համախմբումէն, մինչեւ այսպէս կոչուած Հայրենիքի փրկութեան ճակատ կամ ԱԺ վերջին ընտրութիւններու նախօրէին մեծամիտ շոյերն ու հանրահաւաքները, աւելի վնաս հասցուցին ընդդիմութեան, քան՝ իշխանութեան: Այսօր ալ խորհրդարանային ընդդիմութիւնը իր ապիկար, ինքնագոհ, ինքնանպատակ եւ ինքնակեդրոն գործունէութեամբ ակամայ (գուցէ եւ կամայ) կը սատարէ պատմական թիւրիմացութիւն հանդիսացող այսօրուայ ապազգային իշխանութեան տակաւին գոյատեւումին:
Ի տես շոյերով միայն կէտեր արձանագրել փորձող ընդդիմութեան գործելաձեւին՝ անցեալ Յունիսի ընտրապայքարի ոճէն մինչեւ վերջերս կայացած՝ ինչ որ ամեակի տօնակատարութիւն, մեզի կը մնայ ցաւօք ըսել, որ ա՛յս իշխանութիւնը հալալ է ա՛յս ընդդիմութեան, մինչ վարչապետի աթոռը զբաղեցնող անձը (ցնոր աշխարհաքաղաքական անակնկալ պարտադրանք մը) «յաւերժ» կը թուի ըլլալ:
Աւարտին կը մնայ բարձրաձայն կոչել. «Ո՜վ Հայ ժողովուրդ ներէ՛ խորհրդարանային այս ընդդիմութեան, քանզի ան չի գիտեր ի՛նչ կ՛ընէ»: Արդեօ՞ք գիտէ: