Ուրբաթ, 19. 04. 2024

spot_img

Բերաբախտաբար Խենթանոցն Ենք

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ 

Ոչ, մի՛ շուարիք։ Մ՚ափսոսաք եթէ հարց տամ թէ ո՞ւր են այդ երբեմնի ուրախ տօները։ Այնքան յաճախակի կրկնուած այս նախադասութիւնը թրքերէնի մէջ վերածուած է կաղապարի մը՝ ուր շատերծ հեգնանքի շեշտ մըն ալ աւելցնելով կ՚ափսոսան «Ներետէ օ էսքի պայրամլար» ըսելով։

Իրականութեան մէջ ափսոսանքը ոչ թէ պայրամներուն, այլ անցեալի մէջ մնացած մանկութեան կը վերաբերի։

Պարզ է որ տօնական օրի նշանակութիւնը բոլորովին տարբեր է ամէն տեսակ պատասխանատուութենէ զերծ մանկան եւ աշխարհի բեռը ուսերուն առած չափահասի համար։ Այդ երանութեան մաղթանքը ճիշդ ալ անպատասխանատուութեան կ՚ակնարկէ։ Մանուկը ոչ տնտեսական ճգնաժամ կը ճանչնայ, ոչ ընկերային բեւեռացում, ոչ քաղաքական լարուածութիւն, նոյնիսկ շատ անգամ ոչ ալ առողջական հոգեր։

Ծանօթ մը ունէինք Խենթ Մովսէս անունով եւ անունէն ալ յայտնի, խենդ ըլլալուն պատճառաւ չ՚ունէր վերեւ նշուած հոգերը։ Եթէ զինք օրինակ պիտի բերենք շատ ալ տեղին է «Խեւին ամէն օր տօն է» ասացուածքը։

Մի գուցէ բոլոր այս բեռերէն գոնէ ժամանակաւոր կերպով ձերբազատուելու համար կարելի է թէեւ սուտ խենթ ձեւացնել։ Այս ալ իր անդրադարձը ունի մեր ասացուածքներու պաշարին մէջ։ «Սուտ խենթ եղեր է վանքին հաւերը կ՚ուտէ» կ՚ըսեն այսպիսիններուն։

Վերջապէս մենք բախտաւորներ ենք՝ քանի որ նման ճարահատութեան հոգեբանութիւնը առանձին չենք տանիր։ Ըստ երեւոյթի բովանդակ երկիրը խենթանոցի մը դարձած է։

Փողոցը պատահմամբ կողքովս անցան քաղաքապետարանի երեք պաշտօնեաներ, որոնք իրենց համազգեստներով կը շրջէին կանոնի զանցառութիւնները հսկելու։ Երկուքը բոլորովին առանց դիմակի էին, իսկ երրորդը դիմակով պաշտպանել կը ջանար իր ծնօտը։

Ո՞րն է սխալ, ո՞րն է ճիշդ։ Ամէն ինչ իրար խառնուած կ՚ընթանայ։ Կը լսենք համավարակի զոհ գացած բժիշկի մասին։ Կը հետաքրքրուինք ու հարց կու տանք. «Չէ՞ր պատուաստուած»։ Զարմանքով կը լսենք «Ո՛չ» պատասխանը։ Ակամայ կը մտաբերենք թրքերէն մի այլ ասացուածքի՝ որ կ՚ըսէ. «Քենտի տիւշեն աղլամազ»։ Այսինքն ինքնիրեն ինկողը չի լար։ Բայց մենք կուլանք իր համար, ան սիրելի դէմք էր, բարի ու խելօք։

Հոգեւորականներու պատուաստումի դէմ կեցուածքը հետզհետէ սովորական դարձած էր՝ բայց հիմա նման երեւոյթի կը հանդիպին գիտութեան մարդկանց մօտ ալ:

Զարմանալին այն է թէ այսօր պետութիւններու կամ համաշխարհայնացած կարգ մը ընկերութիւններու դաւադրական ծրագիրներուն մասին, երբ կը խօսէինք՝ այդ նոյն ընկերներ որոշ քմծիծաղով կը լսէին մեզ։ Յայտնի է որ մեր այդ հաստատումները բաւականին ուշ եւ հակառակ ազդեցութիւն գործած են իրենց մօտ։ Պատուաստումը մերժելու համար առաջադրուած վարկածները նոյնիսկ կը գերազանցեն մեր երեւակայութեան սահմանները։ Ոմանք կը պնդեն թէ համավարակը աշխարհի բնակչութեան աճը սանձելու համար հնարուեցաւ ու արհեստական կերպով տարածուեցաւ ամբողջ աշխարհին։

Սուրբ Ծննդեան զուգադիպող յօդուածի բովանդակութիւնը բոլորովին տարբեր կրնար ըլլար, եթէ շրջօրեայ վարակուածներու թիւը հասած չըլլար 55 հազարի։ Հետեւաբար Ծննդեան Տօնը շնորհաւորելու կողքին մաղթենք անվնաս դուրս գալ այս ահռելի աղէտէն։

«Ակօս»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին