Ուրբաթ, 06. 06. 2025

spot_img

Լիբանանահայ Դպրոց

Լիբանանի Մէջ ՀՀ Դեսպանը Այցելեց Սրբոց Հռիփսիմեանց Վարժարան

Երեքշաբթի, 4 Յունուար 2022-ին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեան` ընկերակցութեամբ երկրորդ քարտուղար Դաւիթ Ալավերտեանին առաջին անգամ ըլլալով այցելեց Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ վարժարանի տնօրէնուհի՝ Դոկտ. Դալար Աթէշեանին, առաքինազարդ քոյրերուն, տնօրէն խորհուրդի անդամներուն, ծնողական խորհուրդի ատենապետին եւ վարժարանիս հոգեհարազատ բարեկամներուն հետ:

Դեսպանի այցելութեան նպատակն էր աւելի մօտէն ծանօթանալ Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանի առաքելութեան, ինչպէս նաեւ վարչական, կրթական եւ դաստիարակչական աշխատանքներուն:

Դեսպանը բարձր գնահատեց տարուած բծախնդիր եւ անձնուէր աշխատանքը, նաեւ երկրի դիմագրաւած քաղաքական, տնտեսական եւ առողջապահական ծանր պայմաններուն պատճառով կրած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները:  Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան վարժարանի կրթական եւ մշակութային ծրագիրներուն աջակցելու հնարաւորութիւնները։

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին