Հինգշաբթի, 18. 04. 2024

spot_img

Միքաթին Ի Պատասխան Նասրալլային. Ձեր Դիրքորոշումները Կը Վիրաւորեն Լիբանանցիներին

Վարչապետ Նաժիպ Միքաթին պատասխանելով Հըզպալլայի առաջնորդ Հասան Նասրալլայի խօսքերին ըսաւ. «Մենք միշտ կոչ ըրած ենք Լիբանանը զերծ պահել շրջանային խնդիրներէն չվնասելու համար  Լիբանանի յարաբերութիւնները արաբական երկիրներու հետ,  յատկապէս Սէուտական Արաբիոյ հետ։ Այն, ինչ որ Նասրալլա իր վերջին ելոյթին մէջ ըսաւ Սէուտական Արաբիոյ մասին, չի ներկայացներ Լիբանանի կառավարութեան եւ լիբանանցի ժողովուրդին աւելի լայն հատուածին դիրքորոշումը: Լիբանանի շահերէն չի բխիր վիրաւորել որեւէ արաբական երկրի, յատկապէս Ծոցի երկրներուն»: 

Նշենք, որ Նասրալլա իր վերջին ելոյթին ընթացքին բուռն յարձակում գործած էր Սէուտական Արաբիոյ վրայ:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին