Ուրբաթ, 19. 04. 2024

spot_img

Փորձագրական Մրցոյթ

«Վերջին 300 Տարիներու Ամենաազդեցիկ Հայը»

«Վերջին 300 տարիներու ամենաազդեցիկ հայը» Տարբերակ21 առցանց հանդէսին (www.darperag21.net) կողմէ կազմակերպուած փորձագրական (essay) մրցոյթ է, որուն կրնան մասնակցիլ պատմաբանութեան, քաղաքագիտութեան, ընկերաբանութեան, մշակութաբանութեան եւ այլ գիտութիւններու 25-էն 40 տարեկան ուսանողներ եւ մասնագէտներ աշխարհի բոլոր կողմերէն: Մրցոյթը յաղթող գրութեան հեղինակը կամ հեղինակները պիտի ստանա(ն)յ 150 ամերիկեան տոլարի մրցանակ. երկու այլ գրութիւններու պիտի շնորհուին յատուկ գնահատանքի մրցանակներ՝ իւրաքանչիւրը 75 ամերիկեան տոլարի չափով: Մրցոյթին ներկայացուած այլ գրութիւններու հեղինակները, որոնց գործերը կը հրապարակուին Տարբերակ21 հանդէսին մէջ, կը ստանան 30 ամերիկեան տոլարի պատուեգին:

Ա. Թեման.

Մրցոյթին մասնակիցները իրենց յօդուածներուն մէջ հիմնականին մէջ պէտք է պատասխանեն հետեւեալ հարցերուն.

  1. Ով է այն անձը, որ մեծագոյն ազդեցութիւնը ձգած է հայ ժողովուրդի 18-րդէն 21-րդ դարերու պատմութեան վրայ:
  2. Ինչին մէջ կը կայանայ այդ ազդեցութիւնը՝ պատմականօրէն:
  3. Ինչով կ՛արտայայտուի այդ ազդեցութիւնը՝ այժմէականօրէն:

Բ. Առարկան.

  1.  Յօդուածներու առարկայ կրնան դառնալ էթնիկ-ազգային պատկանելութեան առումով իրենք զիրենք հայ համարող՝ 18-րդէն 21-րդ դարու տարբեր ոլորտներու գործիչներ, որոնց միտքն ու գործունէութիւնը սերտօրէն կապուած են հայ ժողովուրդի պատմութեան՝ վերջինիս բնապատմական տարածքին մէջ թէ անորմէ դուրս:
  2. Բացի անձնաւորութիւններէ, յօդուածներու առարկայ կրնան դառնալ նաեւ որոշակի ոլորտ կամ գործառոյթ ներկայացնող հաւաքական կերպարներ (ինչպէս օրինակ՝ «հայ եկեղեցականը», «հայ շինականը», եւայլն):

ԳՊայմանները.

  1. Յօդուածը ներկայացնել հայերէն կամ անգլերէն:
  2. Յօդուածը ներկայացնել շարուած՝ Microsoft Word-ով:
  3. Ծաւալը՝ մօտաւորապէս 1000 բառ, ծանօթագրութիւնները կամ յաւելուածները՝ չհաշուած:
  4. Տառատեսակը՝ Sylfaen, չափը՝ 12 կէտ, բոլոր էջերը՝ տողերու կրկնակի տարածութեամբ, բոլոր կողմերէն՝ 1 inch լուսանցքներով:
  5. Յօդուածին վրայ չնշել հեղինակի կամ հեղինակներու անուններ:
  6. Յօդուածէն անջատ բայց անոր հետ նոյն նամակով ուղարկուած բացատրական էջի մը վրայ նշել հեղինակին կամ հեղինակներուն անունները, յօդուածին վերնագիրը, բնակութեան հասցէն, հեռաձայնի թիւը եւ իմէյլ հասցէն:
  7. Այն յօդուածները որոնք չեն համապատասխաներ այս պայմաններուն կրնան մրցոյթէն դուրս մնալ:

Դ. Պայմանաժամը

  1. Յօդուածները պէտք է ուղարկել մինչեւ 28 Յունուար, 2022:
  2. Յաղթողները պիտի յայտարարուին 28 Փետրուար, 2022-ին:
  3. Տարբերակ21 հանդէսը իրեն կը վերապահէ մրցոյթին ներկայացուած որեւէ յօդուածի հրապարակում՝ իր կայքին մէջ:

Ե. Ուղարկում

Յօդուածը եւ անոր բացատրական էջը, առանձին՝ MS Word-ի մէջ շարուած, միեւնոյն նամակով ուղարկել editor@darperag21.net հասցէին, մինչեւ 28 Յունուար, 2022:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին