Շաբաթ, 27. 04. 2024

spot_img

Մետաքսէ

Մետաքսէ (Մետաքսէ Պօղոսեան, 23 Դեկտեմբեր 1926, Արթիկ – 10 Օգոստոս 2014, Երեւան, Հայաստան), գրող, բանաստեղծ, արձակագիր, թարգմանիչ եւ հասարակական գործիչ, Հայաստանի գրողներու միութեան անդամ, արցախեան շարժման աշխուժ մասնակից:

Կանուխէն որբացած Մետաքսէ, 1952 թուականին աւարտած է Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական, այնուհետեւ՝ Գրողներու միութեան կից Մոսկուայի Կորքիի անուան գրականութեան հաստատութիւնները:

Որպէս նաւաստի աշխատած է «Լիպեցկ» շոգենաւին մէջ, ինչով եղած է Եգիպտոս եւ Ալպանիա։ 1963-էն Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ էր։ 1989-91-ին եղած է Հայաստանի Մայրութեան հիմնադրամի փոխ-նախագահը, 1992-95-ին՝ արցախեան պատերազմի զինուորներու աջակցութեան յանձնաժողովի նախագահը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին