Շաբաթ, 20. 04. 2024

spot_img

Յատկանշական Այցելութիւն Մը

Անակնկալ եւ յատկանշական քայլով մը ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար՝ Անթոնիօ Կոթերէշ  Պէյրութ այցելեց:

Ընդհ. Քարտուղարը իր չորսօրեայ այցելութեամբ  հանդիպումներ կ՛ունենայ Լիբանանցի բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ, փորձելով  կեանք տալ Լիբանանի համար նախատեսուած Ֆրանս-Սէուտական նախաձեռնութեան։

Իրողապէս սոյն այցը կարեւոր կարելի է նկատել եթէ Լիբանան գիտնայ օգտուիլ առիթէն:

Լիբանանի տուած այցելութեան ծիրէն ներս  ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղար Անթոնիօ Կութէրէշ երէկ հանդիպած է Լիբանանի կրօնական համայնքապետերուն։

Հանդիպման ներկայ եղած է նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Գ.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը։

Ցարդ այցելութեան խորքային նպատակներուն մասին տեղեկութիւններ չեն հաղորդուիր, սակայն յստակ է, որ ՄԱԿ-ի կողմէ այս զօրակցական փորձը ունի որոշակի պատգամներ ուղղուած ոչ միայն Լիբանանի քաղաքական վերնախաւին, այլ Լիբանանեան թղթածրարին հետ կապ ունեցող  շրջանային եւ միջազգային խաղացողներուն։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին