Ուրբաթ, 29. 03. 2024

spot_img

Կեանքը Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանին Մէջ

Երկու Տարուան Բացակայութենէ Ետք, Դարձեալ Թնդաց Ամանորը Վահան Թէքէեան Վարժարանէն Ներս։

Նոր տարին գեղեցիկ ու երկար սպասուած տօն է, յատկապէս մանուկներու համար։ Կը թուի, թէ՝ մենք ամէն ինչ գիտենք ու այլեւս բան չէ մնացած սորվելու եւ իմանալու այս հիասքանչ տօնի մասին։ 

Ամանորը կը մօտենայ: Ամէն մարդ իւրայատուկ ձեւով կը  պատրաստուի Նոր Տարին դիմաւորելու: Իւրաքանչիւր տօն իր մէջ կը պարփակէ գեղեցիկ խորհուրդ ու նշանակութիւն, որ արժէք և իմաստ կու տայ տօնակատարութեան: 

Շուտով ականատես պիտի ըլլանք մանուկ Նոր Տարին զուարթ ճախրանքով երկիր գալուն՝ իրեն հետ բերելով խինդ եւ խաղաղութիւն, ինչպէս նաեւ անոր զանազան սովորութիւններով եւ զարդարուած ծառերով:

Հինգշաբթի, 16 Դեկտեմբեր 2021-ի առաւօտուն, Մանկապարտէզի փոքրիկները վարժարանիս Ծնողաց յանձնախումբի կողմէ տրամադրուած նախաճաշէն ետք, խանդավառ մթնոլորտի մէջ  սրահ բարձրացան, ուր զիրենք անհամբեր կը սպասէին The Powerful Kids Team-ի կերպարները, որոնց հետ պարեցին, երգեցին եւ կազմակերպուած խաղերուն մասնակցեցան, ապա անհատաբար եւ խումբով նկարուեցան Կաղանդ Պապուկին հետ, որմէ ետք մեր վարժարանին կողմէ տրամադրուած նուէրներով ցնծութեամբ վերադարձան իրենց տուները:

 Տօնակատարութեան 2֊րդ մասով Հայերէնի ուսուցիչ՝ Պրն. Աւետիս Տիպան շրջելով դասարանները մթնոլորտը խանդավառեց սրինգին վրայ նուագելով Ամանորի եւ Սրբ. Ծննդեան մեղեդիներ, որմէ ետք նախապատրաստական Ա.էն միջնակարգ Գ. դասարանի աշակերտները շրջան առ շրջան հաղորդութիւն ստացան ձեռամբ Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժանապատիւ Տէր Խորէն քհն. Մելքոնեանէն։

Հաղորդութեան արարողութենէն ետք, մեր վարժարանին ժրաջան Ծնողաց Յանձնախումբի կողմէ հրամցուեցաւ ծոթրինով հաց, պտղահիւթ եւ կարկանդակ, որմէ ետք աշակերտները սրահ բարձրացան, ուր զիրենք դիմաւորեցին The Powerful Kids Team-ի կերպարները, մեծ խանդավառութիւն մը ստեղծելով անոնց մօտ: Կերպարները հանդէս եկան իրենց կողմէ պատրաստուած ճոխ ներկայացումով մը, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցան երգ, պար ու խաղեր:

Յայտագրի աւարտին աշակերտները, ուսուցիչները եւ Ծնողաց յանձնախումբը նկարուեցան կերպարներուն հետ:

Վերջապէս՝ մեր վարժարանին կողմէ բոլոր աշակերտներուն նուէրներ բաժնուեցան, ինչպէս նաեւ կրկնեփուկ ՝ տրամադրուած ուսուցչուհի Տիկ. Նաուալ Ժըրժըսի կողմէ:              

Հուսկ, կը մնայ բոլորին շնորհաւորել գալիք Ամանորն ու Սրբ. Ծնունդը՝ մաղթելով որ 2022 տարին ըլլայ առողջութեան, խաղաղութեան, արեւշատութեան եւ  յաջողութիւններով լեցուն բեղումնաւոր  տարի մը:

Վահան Թէքէեան Միջն. Վարժարանի
Լրատուական Գրասենեակ
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին