Շաբաթ, 27. 04. 2024

spot_img

Մեկնարկեց Արցախի եւ Լիբանանի Հայկական Դպրոցներու Միջեւ Համագործակցութիւնը

«Արցախի եւ Սփիւռքի հայկական դպրոցների միջեւ համագործակցութիւնը այսուհետեւ կրելու է համակարգային բնոյթ, ձեւաւորուելիք կապերը ամրապնդուելու են, շփումները մեզ էլ աւելի են մօտեցնելու միմիանց». Այս մասին նշեց ԱՀ նախագահի Սփիւռքի հարցերով խորհրդական Ազատուհի Սիմոնեան:

Վերջերս Արցախի Հանրապետութեան Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Սփորթի նախարարութեան, յանձին՝  նախարար Լուսինէ Ղարախանեանի հետ համատեղ մշակուէր է Քոյր դպրոցներ հայեցակարգը:

«Քոյր դպրոց գաղափարը միշտ ուղեկցել է մեզ, բայց այն երբեք չի կրել համակարգային բնոյթ, այս ծրագիրը այժմ ԱՀ ԿԳՄՍ նախարարութեան իրաւասութեան տակ գործող ծրագիր է, որը գրանցում է իր յաջողութիւնները». յաւելեց տիկին Սիմոնեան:

Սոյն ծիրէն ներս արդարեւ, 15 Դեկտեմբեր 2021-ին ԱՀ ԿԳՄՍ նախարար Լուսինէ Ղարախանեանի եւ ԱՀ նախագահի Սփիւռքի հարցերով խորհրդական Ազատուհի Սիմոնեանի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ հեռավար հանդիպում-քննարկում Լիբանանի շարք մը հայկական վարժարաններու տնօրինութեան հետ:

Նշեալ հանդիպման իրենց  մասնակցութիւնը բերին Պէյրութի Հայ Աւետարանական Գոլէճը, Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանը, Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանը, ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններն ու Վահան Թէքէեան Վարժարանը:

Քննարկման օրակարգային թեման էր՝ Քոյր դպրոցներու ծրագիրը, անոր  հայեցակարգի քննարկումը եւ կիրարկման ճանապարհային քարտէզը:

Քննարկման մասնակից դպրոցներու տնօրէններն ու պատասխանատուները ուրախութեամբ հաստատեցին իրենց դպրոցներու ընդգրկուածութիւնը այս ծրագրին մէջ նշելով, որ այս քայլը պիտի լրացնէ տարիներու բացը՝ Արցախը աւելի եւս լաւ ճանչցնելու լիբանանահայ աշակերտութեան եւ երկու երկիրներու աշակերտութեան  մէջ մտերմիկ յարաբերութիւն հաստատելու առումով:

Տեղին է այստեղ նշել, որ քոյր դպրոցներու ծրագիրով Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի հոգաբարձութիւնն ու տնօրէնութիւնը շաբաթներ առաջ ինք նախաձեռնած էր տիկին Ազատուհի Սիմոնեանին միջոցաւ դիմել ԱՀ ԿԳՄՍ նախարար Լուսինէ Ղարախանեանին եւ այս նպատակով յատուկ հանդիպում մը կայացած էր դարձեալ հեռակայ կապով, մասնակցութեամբ Վահան Թէքէեան Վարժարանի Հոգաբարձութեան Կազմի ատենապետուհի՝ Տիկ. Անի Լաչինեան-Մակարեանին, դպրոցի տնօրէնուհի Տիկ. Սեւանայ Սեմերճեան-Տարագճեանին, դպրոցի հայագիտական նիւթերու պատասխանատուներ՝ Տիկ. Ռիթա Թամուկեանին եւ Պրն. Աւետիս Տիպանին: Հանդիպման մասնակացած էր նաեւ ԶԱՐԹՕՆՔ-ի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան:

Հանդիպման ընթացքին երկուստէք քննարկուած է համագործակցային ծրագիրներ եւ առնուած է գործակցութեան նախաքայլեր:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին