Չորեքշաբթի, 24. 04. 2024

spot_img

Միջազգային Բարքեր

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Կաղանդ Պապան Ու՞ր Գնաց

Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Քալիֆորնիոյ Լոնկ Պիչ քաղաքէն, որ նշանաւոր է իր ծովային կենդանիներու աւազանով (aquarium):

Հիմա պիտի ըսէք թէ Կաղանդ Պապան ի՞նչ կապ ունի ծովային կենդանիներու աւազանին հետ։ Քիչ մը համբերեցէք որ բացատրեմ ու յստակացնեմ՝ որպէսզի փարատի ձեր շփոթութիւնը։

Ուրեմն, ամերիկայի տարածքին՝ հազիւ Գոհաբանութեան (Thanksgiving) օրը անցնի, մեծ շուկաներու (mall) կեդրոնական հրապարակներուն մէջ կը զետեղուի Կաղանդ Պապային գահը, ուր կը բազմի ան։ Ինչո՞ւ, որպէսզի ծնողներ իրենց զաւակները բերեն եւ Կաղանդ Պապային գիրկը նստեցնելով նկարել տան զանոնք։ Սա անշուշտ դրամ շահելու կերպ մըն է, որ տեղի կ՛ունենայ ամէն տարի։

Վերջին երկու տարիներուն սակայն՝ այս աւանդութիւնը կասեցաւ, Պսակաձեւ Ժահրին նորանոր տարբերակներուն պատճառաւ (Delta, Omicron) պարտադրուած զգուշութեան միջոցներուն հետ քայլ պահելու համար։ Բայց ամերիկացի գործատէրը ստեղծագործ է եւ կը հաւատայ որ եթէ Աստուած «Մէկ դուռը գոցէ՝ միւս դուռը կը բանայ։» Եւ այսպէս մուտք կը գործէ Կաղանդ Պապային գահին տեղադրումը . . .

Հաւանաբար կռահեցիք եղելութիւնը, որ Կաղանդ Պապան տեղափոխուեցաւ Լոնկ Պիչի ծովային կենդանիներու (տես նկարը) աւազանը։ Հիմա երեխաներ իրենց ծնողներով կ՛այցելեն այդ աւազանը եւ ապակեայ պատուհանին առջեւ կը նկարուին Կաղանդ Պապային հետ ու վերջ։

Ես կը խորհիմ որ «Նպատակը կ՛արդարացնէ միջոցը» եւ երեխային համար ինչ բոյթ է որ Կաղանդ Պապան շուկային մէջ չէ, այլ՝ ծովային կենդանիներու աւազանին մէջ։ Կարեւորը Կաղանդ Պապային հետ նկարուիլն է՝ որպէս յիշատակ անմոռացութեան, չէ՞ք խորհիր!

Սա ալ ըսեմ որ ամերիկայի եւ Եւրոպական երկիրներուն մէջ Կաղանդ Պապան՝ իր նուէրները շալկած, կու գայ Դեկտեմբեր 24-ի կէս գիշերին։ Իսկ Միջին Արեւելեան երկիրներուն մէջ՝ Դեկտեմբեր 31-ի կէս գիշերին։ Հիմա որն է ճիշդը՝ դուք որոշեցէք։

Շփացածութեամբ եւ Մասամբ Նորին

Այս պատմութիւնն ալ մեզի կու գայ հեռաւոր Հարաւային Քորէայի մայրաքաղաք Սէուլէն։

Գիտենք որ Հիւսիսային եւ Հարաւային Քորէաները շատ տարբեր են իրարմէ։ Առաջինը կը գտնուի համայնավարական տիրապետութեան տակ, ուր երրորդ սերունդի պատկանող Քիմ Ճանկ Ուն երկաթէ բազուկով կ՛իշխէ երկրին։

Իսկ Հարաւային Քորէան կը կառավարուի ռամկավարական պետութեան մը կողմէ, ուր մարդկային իրաւունքները կը յարգուին եւ ուր խօսքի եւ մամուլի ազատութիւնը յար եւ նման է արեւմտեան երկիրներու մէջ տիրող համակարգին։

Սակայն սանձարձակ ազատութիւնն ալ վտանգաւոր է։ Փաստ՝ բողոքի մեծածաւալ ցոյցերը որ ողողած է բովանդակ Եւրոպան ու Ամերիկան, ուր մարդիկ դէմ են համաճարակին դէմ պատուաստուելու, որովհետեւ իրենց ազատութիւնը կը կաշկանդուի …

Վերադառնալով Հարաւային Քորէայի բնակչութեան, անոնց ազատութիւնն ալ սահմանը անցած է։ Ապացոյց՝ դիտեցէք կցուած նկարը եւ պիտի տեսնէք թէ պարմանուհիներ իրենց մազերուն գանգրացնող պիտոյքներով (curlers) փողոց իջած են ու ազատ-համարձակ կը թափառին հանրութեան  մէջ։

Մեր հասկացողութեամբ՝ նմանօրինակ երեւոյթներ յատուկ էին կամ մազայարդարներու մօտ եւ կամ ալ տուներու մէջ, հեռու մարդկային աչքէն ու անախորժ քննադատութիւններէ։

Բայց ժամանակները փոխուած են եւ մարդիկ իրենց սահմանադրութեամբ ընծայուած ազատութիւնը չարաչար կ՛օգտագործեն ու անբնական երեւոյթներուն առիթ կու տան, չէ՞ք խորհիր!

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին