Չորեքշաբթի, 16. 10. 2024

spot_img

Մաքրոնը Կառչած Կը Մնայ Ժատտայի Հռչակագրին. Լիբանանի Հարցը Դէպի Միջազգայնացում

Արաբական Ծոցի Համագործութեան Խորհուրդի ժողովը հաստատեց Լիբանանը շրջանային խնդիրներէ հեռու պահելու կարեւորութիւնը եւ կարեւորեց զէնքի սահմանափակումը օրինական զինեալ ուժերու ձեռին, ինչպէս նաեւ շեշտեց անոր սահմաններու ապահովութեան վրայ:

Ծոցի երկիրներու այս յայտարարութեան շուտով կրնան միանալ Եգիպտոսն ու Արաբական լիկան ընդհանրապէս, միշտ հիմնուելով Ժատտայի հռչակագրին վրայ:

Գնդակը այժմ կը գտնուի Լիբանանի ղեկավարութեան դաշտին մէջ ու հարցական կը մնայ անոր կարողութիւնը գործադրելու յանձնառութիւններ:

Մինչ այդ Սէուատական Արաբիոյ գահաժառանգն ու Ֆրանսայի Նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հանդիպման ընթացքին յայտնի դարձաւ, որ անոնք համակարծիք են Լիբանանի վերաբերող բոլոր օրակարգերուն պարագային, փրկելու համար վերջնական անկումի սեմին գտնուող Լիբանանը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին