Տեղի Ունեցաւ Տիգրանակերտի Հայրենակցական Միութեան Ընդհանուր Ժողովը
Շաբաթ, 4 Դեկտեմբեր 2021-ին տեղի ունեցաւ Լիբանանի Տիգրանակերտի Հայրենակցական Միութեան անդամական ընդհանուր ժողովը, Պուրճ Համուտի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի Ֆարաճեան լսարանին մէջ։
Ժողովին, Միութեան ընթացաւարտ վարչութիւնը ներկայացուց իր երկամեայ գործունէութեան նիւթաբարոյական տեղեկագիրը, որ, յետ քննարկումին, արժանացաւ ժողովականներու դրական գնահատականին։
Անդամական ժողովը ընտրեց նոր վարչութիւն՝ երկամեայ շրջանի մը համար։ Կատարուեցան յառաջիկայ գործունէութեան վերաբերեալ առաջարկներ։
Լիբանանի Տիգրանակերտի Հայրենակցական Միութեան վարչութեան նորընտիր անդամներն են՝
Կրէկուար Գալուստ (ատենապետ)
Սոնա Մայպալեան Մելքոնեան (փոխ ատենապետ)
Սեդա Սմսարեան Գարաքըլեան (ատենադպրուհի)
Միհրան Նաճարեան (հաշուապահ)
Մարալ Շատոյեան (գանձապահ)
Ռաֆֆի Իսահակեան
Մարիա Շատոյեան
Նորա Օհաննէսեան Կէօզիւկիւչիւքեան
Շարլի Գալուստ