Չորեքշաբթի, 04. 06. 2025

spot_img

Քուէարկութիւնները Աւարտեցան. ՏԻՄ Ընտրութիւններուն Մասնակցած են Քաղաքացիներուն 42.48 Տոկոսը

Հայաստանի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու քուէարկութիւնները աւարտեցան։

Կենտրոնական ընտրական յանձնաժողովը երէկ յայտնեց, որ ընտրութիւններուն մասնակցած են ընտրելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներուն 42.48 տոկոսը։ Արդարեւ, 1 մլն 112 հազար 396 ընտրողներէն քուէարկութեանը մասնակցած են 472 528 քաղաքացի։

Ամենաաշխոյժ մասնակցութեամբ աչքի կ՛իյնայ Լոռիի մարզի Թումանեան համայնքը, ուր ընտրողներուն 69.78 տոկոսը մասնակցած է քուէարկութեան։ Ամենատկար  մասնակցութեան տոկոսը ցուցաբերած է  Արմաւիր քաղաքը, ուր գրանցուած է մասնակցութեան 20.73 տոկոս։

Սոյն ընտրութիւններուն ուշագրաւ այլ բանը այն էր, որ ՔՊ-ի ժողովրդականութիւնը բաւական նահանջ արձանագրած է հակառակ իր յարաբերական «յաղթանակներուն» կարգ մը շրջաններուն մէջ: ՔՊ-ի նահանջով ի յայտ եկան նոր ուժեր, որոնք փաստեցին, որ կարելի է յաջողութեան հասնիլ հակառակ իշխանութեան ունեցած առաւելութեան տուեալ ընտրութիւն մը ինք կազմակերպելու փաստով:

Արդարեւ այս ընտրութիւններով նոր ուժեր աչքի ինկան, ինչպէս «Զարթօնք» ազգային քրիստոնէական կուսակցութիւնը, որ մեծ յաջողութիւններ ձեռք ձգեց այն սահմանափակ շրջաններուն մէջ, ուր մասնակցեցաւ ընտրութիւններու: Սա ցուցանիշ մըն է, որ շատ բան կ՛ըսէ Հայաստանի ներքաղաքական կեանքի մէջ ուժերու վերադասաւորումի կարելիութիւններուն մասին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին