Երկու տարուան ակամայ ընդմիջումէ ետք, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի մեծ ընտանիքը, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպութեամբ, Կիրակի, 5 Դեկտեմբեր 2021-ի առաւօտեան, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ գումարեց տարեկան ընդհանուր վարչական ժողովը:

Ի ներկայութիւն, ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի ներկայացուցիչներու, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու, ՀԵԸ-ի 38 վարչութիւններ ներկայացնող աւելի քան երկու հարիւր վարչականներու, Լիբանանի, Հայաստանի, ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան բարի գալուստ մաղթելով բացուած յայտարարեց տարեկան ընդհանուր վարչական ժողովը եւ ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու վերջին երկու տարիներուն ընթացքին առ յաւէտ բաժնուած միութենականներուն յիշատակը:

Բացման խօսքին մէջ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի անդամներուն, յատկապէս՝ ատենապետ տիար Ժերար Թիւֆէնքճեանին, որ մնայուն կերպով նիւթապէս եւ բարոյապէս սատար կը կենայ ՀԵԸ-ի գործունէութիւններուն: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց տիար Երջօ Սամուէլեանին, որ նիւթապէս կը քաջալերէ ՀԵԸ-ի աշխատանքները: Վիգէն Չերչեան շնորհակալութեան խօսք յղեց ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներուն, ՀԵԸ-ի կառոյցներու վարչական կազմերուն, ՀԵԸ-ի գրասենեակի պաշտօնէութեան, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնի եւ ՀԲԸՄ-ի Նազարեան- Մովսէսեան կեդրոնի վարչութիւններուն, որոնք հակառակ Լիբանանի տնտեսական, ընկերային ծանր պայմաններուն, «քորոնա» ժահրին հետեւանքով յայտարարուած ստիպողական վիճակին, յաջողած են վառ պահել միութենական գործունէութիւնը:

ՀԵԸ-ի ատենապետը նշեց, թէ բնականոն կեանքը վերջին ամիսներուն աստիճանաբար վերադարձած ըլլալով, ՀԵԸ-ի կազմերը մեծ նուաճումներ արձանագրած են պասքեթպոլի, ֆութպոլի, մինի ֆութպոլի, ճատրակ, թենիսի, թեքուանտոյի եւ փինկ փոնկի մարզերուն մէջ: Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ 2022-ը յոբելենական տարի պիտի դառնայ ՀԵԸ-ի համար: Հանդիսաւորապէս պիտի նշուին ՀԵԸ-ի հիմնադրութեան 90-ամեակը, ՀԵԸ-ի սկաուտական շարժումի հիմնադրութեան 85, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի՝ 50, ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի՝ 60-ամեակները:
Վիգէն Չերչեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Նազարեան ընտանիքին, որուն իշխանական նուիրատուութեամբ՝ Նազարեան շէնքի երկու յարկեր վերանորոգուած են գերարդիական պայմաններով եւ տրամադրուած ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան սկաուտական շարժումին:
ՀԵԸ-ի մամլոյ եւ տեղեկատուական գրասենեակի տնօրէն Ահարոն Շխրտըմեան ընթերցեց 2019 թուականի տարեկան վարչական ժողովին ատենագրութիւնը:
ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի վարիչ տնօրէնուհի Արին Ղազարեան ընթերցեց ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետ տիար Ժերար Թիւֆէնքճեանի սրտի խօսքը:
Վարչութիւնները հերթաբար ներկայացուցին անցնող երկու տարիներու իրենց գործունէութեան տեղեկագիրը: Ելոյթներուն զուգահեռ մեծ պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ անոնց գործունէութիւնը խտացնող տեսերիզները: Վարչութիւնները միաժամանակ ներկայացուցին յառաջիկայ տարուան իրենց ծրագիրները:
Մարզական շարժումին մէջ արձանագրած յաջողութիւններուն առիթով, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը պարգեւատրեց Թոնի Ճունթոյեանը՝ պասքեթպոլ, Սահակ Պիտինեանը՝ փինկ փոնկ, Վահէ Հաքիմեանը՝ ֆութպոլ:
Զեկոյցներու աւարտին, ՀԵԸ-ի ատենապետը շեշտեց, որ Կեդրոնական Վարչութիւնը նիւթապէս եւ բարոյապէս պիտի սատարէ մասնաճիւղերուն գործունէութիւնը:
Տարեկան ընդհանուր վարչական ժողովը աւարտեցաւ ՀԵԸ-ի ատենապետին հաւաքական ճիգերով աշխատանքը շարունակելու պատգամով:
Ժողովականները սրահէն դուրս գալէ առաջ յիշատակի խմբանկարով մը յաւերժացուցին տարեկան ընդհանուր վարչական ժողովը: