Հինգշաբթի, 25. 04. 2024

spot_img

Նոր Հրատարակութիւններ

Անթիլիասի Մայրավանքի Տպարանէն Լոյս Տեսաւ Պերճուհի Աւետեանի «Մատնահետքեր»ը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակի թիւ 103-րդ հրատարակութեան կ՚արժանանայ Պերճուհի Աւետեանի «Մատնահետքեր»ը։

Հատորը կ՚ամփոփէ Աւետեանին փորձութիւնները, ապրումներն ու ներաշխարհը՝ Սուրիոյ պատերազմին ընթացքին եւ անկէ ետք։ Օրագիրի ոճով ներկայացուած սոյն հատորը ընթերցողը դէմ յանդիման կը դնէ աղէտներու հետեւանքով բխած մարդկութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ հայութիւնը յուզող հարցերու հետ.- գոյապայքար, ինքնութիւն, տուն հասկացողութիւն եւ այլն։

Գիրքը ունի չորս հիմնական բաժիններ՝ Պատերազմական Մթնոլորտ, Հրապարակագրական, Գեղարուեստական եւ Երգիծական, որոնք շուրջ 250 էջերու վրայ կը տարածուին։

Հատորէն օրինակներ կրնաք ապահովել Կաթողիկոսարանի գրախանութէն կամ այցելելով www.ciliciabookstore.com կայքէջը։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին