Շաբաթ, 20. 04. 2024

spot_img

Միքաթին Ճարահատ Է Սակայն Չի Հրաժարիր Մինչ Հըզպալլա Աւելի Եւս Կը Կարծրացնէ Իր Կեցուածքը

Լիբանանի ճգնաժամը ամէն օր աւելի եւս յստակ ուրուագիծերով կը յայտնուի տարածաշրջանային եւ միջազգային հարթակներու վրայ: Պարզ է, որ Լիբանանի հարցը անբաժանելի է տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցած դէպքերէն մինչ ան տագնապ մը  դէմ յանդիման կը գտնուի այսօր Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Ծոցի երկիրներու հետ իսկ միւս կողմէ Ամերիկա-Իրան բանակցութիւնները յետաձգուած են մինչեւ այս ամսուայ աւարտը:

Մինչ երկիրը կանգնած է վտանգաւոր խաչմերուկի վրայ ուր աննախադէպ փլուզումը ամէն մակարդակի վրայ կը հիւծէ երկիրը, որուն վարչապետը՝ ճարահատ է, անդրդուելիութիւնը կը շարունակէ առկայ մնալ քաղաքական կարգ մը կողմերու մօտ: Հակառակ ամէն ճնշումներուն Հըզպալլան տակաւին առաջնահերթութիւն կու տայ տարածաշրջանի իրանական նախագիծերուն մէջ իր ներգրաւուելուն, և այսպիսով ան բախումի մէջ է Արաբական Ծոցի երկրներու հետ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին