Չորեքշաբթի, 24. 04. 2024

spot_img

Իր Ժողովուրդին Ապագայով «Մտահոգ» Գիւղապետը

Տեսանկիւն

Ժամանակին փոքր եւ աղքատ գիւղ մը կար, որուն բնակիչները կ՛ապրէին գիւղին միակ կովին տուած կաթով ու անկէ արտադրուած սնունդով: Օր մը, կովը կաւէ կուժի մը մէջէն ջուր խմել փորձելու պահուն, գլուխը կը կախուի կուժին մէջ եւ ան չի կրնար իր գլուխը դուրս բերել կուժին բացուածքէն: Գիւղացիները կը շուարին ու շատ կը փորձեն փրկել կովը, սակայն ի զուր: Գլուխը  կուժէն դուրս բերելը անկարելի կ՛ըլլայ, նոյն ժամանակ չեն ուզեր կուժը կտրել, որուն նոյնքան պէտք ունէին:

Բոլորը մէկ կ՛երթան գիւղապետին մօտ իր խորհուրդը հարցնելու:  Գիւղապետը լուրջ դէմքով կը մտմտայ ու տիրական ձայնով մը կ՛ըսէ. «Կովին գլուխը կտրեցէ՛ք»: Գիւղապետին խորհուրդը կը գործադրուի:

Գիւղացիները դարձեալ դիմելով գիւղապետին կ՛իմացնեն, որ կովին գլուխը կտրեցին սակայն տակաւին գլուխը կուժին մէջ կախուած կը մնայ,  անգործածելի դարձնելով կուժը: «Կուժը կտրեցէ՛ք» կը վճռէ «իմաստուն» գիւղապետը:

Գիւղացիները դարձեալ կատարելով գիւղացիին խորհուրդը կը նային իրեն, որ լուրջ եւ մտահոգ դէմքով մը ծխամորճը կը վառէ եւ մուխը քուլայ քուլայ դէպի երկինք կ՛արձակէ մտմտալով:

«Հոգիդ ողջ ըլլայ գիւղապետ». կ՛ըսեն գիւղացիները: «Մի մտահոգուիր ու նեղուիր» կը խնդրեն անոնք:

Գիւղապետը մեծահոգի ժպիտով մը կը դառնայ իրենց ու կ՛ըսէ. «Կովին ու կուժին կորուստներով չէ, որ նեղուած եմ խե՜ղճ մարդիկ»: Ապա յուզուած կ՛աւելցնէ «Ես մտահոգ եմ, որ իմ մահուընէ ետք, ինչպէ՞ս ձեր հարցերը պիտի լուծէք առանց իմ խորհուրդներուս»…:

Մեր ազգն ալ Լիբանանի մէջ եւ այլուր նման «սրտցաւ» եւ մեզմով «մտահոգ» գիւղապետեր ունի, եւ մինչ իրենք մշտնջենական են. ազգը կը չքանայ…:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին