Վահան Թէքէեան Վարժարանի Բակին Պատերու Գեղազարդում
Օգոստոս 4 2020-ի Պէյրութի նաւահանգիստին աղէտալի պայթումին հետեւանքով, մեծապէս վնասուեցան անոր մերձակայ տարածութեան մէջ գտնուող պատկառելի մեծ թիւով կառոյցներ, որոնցմէ անմասն չմնաց նաեւ մեր սիրելի Վահան Թէքէեան Միջն. Վարժարանը: Սակայն շնորհիւ բարեշնորհ նուիրատուներուն՝ վերանորոգուեցան վարժարանիս աւերուած բոլոր բաժինները եւ ուսումնական կեանքը շարունակեց իր գոյերթը վերականգնելով աւերակներուն ընդմէջէն:

Վարժարանիս նորանշանակ տնօրէնուհի Տիկ. Սեւանա Սեմերճեան-Տարագճեանի մտայղացումով, Հոգաբարձութեան համաձայնութեամբ ու ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի նախաձեռնութեամբ վերանորոգութիւնը ամբողջական դարձաւ վարժարանիս բակի որմերուն գեղազարդմամբ: Թէքէեանցի նախկին շրջանաւարտ՝ Փաթրիք Անթունեան իր արհետավարժ վրձինով նկարազարդեց պատերը զանազան արուեստի թեմաներով:
2021-2022 տարեշրջանի վերամուտին աշակերտները վերանորոգ խանդավառութեամբ վերադարձան իրենց սիրելի վարժարանը, հմայուեցան վերանորոգ բակով եւ խմբային ու անհատական լուսանկարներ առնելով ուխտեցին մնալ հաւատարիմ իրենց սիրելի վարժարանին:
