Ուրբաթ, 19. 04. 2024

spot_img

Յաճախակի Յօրանջելը Նշան՝ Կարգ Մը Հիւանդութիւններու

Յաճախակի յօրանջելու պատճառներուն մասին իր կարծիքը յայտնած է վարակաբան Նուրժախան Ֆալահին։ «Յօրանջելը ակամայ շնչառական շարժում է, որ բաղկացած է խոր շունչէն եւ զօրաւոր արտաշնչումէն:

Թուլացնելով մկանները եւ ընդլայնելով շնչուղիները՝ «ռիֆլեքս»ը օգտակար է։ Յօրանջելը՝ նեարդային լարուածութենէն կամ «սթրես»էն ետք հանգստանալու կ՛օգնէ, ինչպէս նաեւ կ՛աշխուժացնէ ուղեղը։ Որպէս հիւանդութեան ախտանիշ՝ յօրանջելը կրնայ դրսեւորուիլ, օրինակ՝ «տիփրեշըն»ի պարագային, երբ արեան մէջ «Քորթիզոլ»ի («սթրեսի հորմոն»ի) մակարդակը կը բարձրանայ»,-ըսած է մասնագէտը։

Անոր խօսքով՝ պէտք չէ նախապէս ախտորոշել եւ անհանգստանալ, որովհետեւ յաճախ մարդիկ կը յօրանջեն յոգնածութեան, քունի պակասի, «սթրես»ի եւ ձանձրոյթի պարագաներուն։ Բնական է նաեւ, երբ մարդ կը յօրանջէ «ալերժի»ի դէմ դեղեր եւ «հակատիփրեսընթ»ներ ստանալէն ետք:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին