Հինգշաբթի, 03. 07. 2025

spot_img

ՌԱԿ-ի Պատուիրակութիւնը Շնորհաւորեց Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Նորընտիր Կաթողիկոս Պատրիարքը

Երեքշաբթի 26 Հոկտեմբեր 2021-ի կէսօրին, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Հայ Կաղողիկէ Պատրիարքարան շնորհաւորելու Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը Իր ընտրութեան առիթով:

Պատուիրակութիւնը գլխաւորեց, վարչութեան ատենապետ՝ ընկ. Սեւակ Յակոբեանը: Իրեն ընկերակցեցան ընկ.հի Ճէքի Տէրվիշեան եւ ընկ. Սեդրակ Քիւրէճեան:

Այցելութիւնը առիթ մըն էր Հոգեւոր Տիրոջ հետ քննարկելու Լիբանանի կացութիւնը եւ լիբանանահայութեան դժուար իրավիճակը:

Ընկ. Սեւակ Յակոբեան դրուատիքով արտայայտուեցաւ նորընտիր Կաթողիկոս-Պատրիարքին վարչական եւ կազմակերպչական կարողութիւններուն մասին: Այս փաստին մասին կը վկայէ արժանաւոր գահակալին հոգեւոր առաքելութեան ամբողջ ընթացքը Լիբանանէն Ռուսաստան եւ Հայաստան, հաստատեց ընկ. Յակոբեան: ՌԱԿ-ի պատուիրակութիւնը բարձր գնահատեց անցեալ Կիրակի տեղի ունեցած Կաթողիկոս-Պատրիարքին գահակալութեան ծիսակարգը, որ արդարօրէն կարելի է որակել, «Սիրոյ եւ Միասնականութեան Հրաւէր»:

Հոգեւոր Տէրը, շնորհակալութիւն յայտնեց ՌԱԿ-ի պատուիրակութեան անդրադարձին համար եւ յոյս յայտնեց, որ լիբանանահայութիւնը միասնական ջանքերով պիտի շրջանցէ ճգնաժամը մինչ Լիբանան պիտի գտնէ իր վաղեմի անդորրութիւնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին