ՀԵԸ Անդրանիկ Պարտութեան Մատնեց Հուփսը
Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան երկրորդ օրուան մրցումներուն, ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութ ՝ 75-71 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հուփսը: Մրցումը ընթացաւ ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի տղոց առաւելութեամբ: Մրցումին հետեւեցան մեծ թիւով ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի համակիրներ,որոնց մէջ՝ ՀԵԸ-ի փողերախումբը:
Մրցումը տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնի Անդրանիկ մարզադաշտին մէջ:
ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի մարզիչն է Ժորժ Տաղէրը, վարչական պատասխանատուն՝ Թոնի Ճունթոյեանը: