Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Ալֆրետ Նոպէլ

Ալֆրէտ Պեռնարտ Նոպէլ (21 Հոկտեմբեր 1833, Jakob and Johanne parish, Շուէտ – 10 Դեկտեմբեր 1896, Սան Ռեմօ, Իտալիա) շուէտացի քիմիագէտ, ճարտարագէտ եւ գիտնական մըն է որ ստեղծած է ուժանակը (պայթուցիկի նիւթը):

Երբ թերթերուն մէջ հրատարակուեցաւ թէ Նոպլիէն ստեղծած պայթուցիկներուն նիւթերը սկսան գործածուիլ բանակներուն կողմէ պատերազմներուն ընթացքին, Ալֆրետ որոշեց իր հարստութիւնը գործածել ժողովուրդին օգուտին ու բարիքին համար եւ այսպիսով ստեղծեց Նոպէլեան Մրցանակի կազմակերպութիւնը, 1895 թուականին։

Ալֆրետ Նոպէլը ծնած է Սթոքհոլմ, Շուէտի մէջ։ Երրորդ զաւակն էր Իմանուէլ Նոպէլի (1801–1872), որ գիտնական էր, եւ Քարոլինա Անտրիէթի (1805–1889): Անոր հայրն ու մայրը ամուսնացած են 1827 թուականին եւ ունեցած են 8 զաւակներ: Ընտանիքը, աղքատ ըլլալով, կը կորսնցնէ իրենց 3 զաւակները եւ ողջ կը մնան միայն Ալֆրէտը եւ իր միւս 3 եղբայրները:

Իր ընտանիքը «Նոպէլ» ազգանունը ժառանգած է անոնց մեծհօրմէ, որ 1775 թուականին «Նոպէլիուս» ազգանունը կրճատեց «Նոպէլ»ի։

Ալֆրետը նաեւ գրած է մեծ թիւով վէպեր եւ բանաստեղծութիւններ, որոնցմէ միայն մէկ ստեղծագործութիւնը հրատարակուեցաւ։ Սակայն ժամանակ մը ետք, Նոպէլ կ’որոշէ իր բոլոր միտքերը եւ կարողութիւնները ուղղել քիմիագիտութեան գործընթացքին։

1891 թուականին, Ալֆրետ Փարիզէն կը փոխադրուի Իտալիա: 10 Դեկտեմբեր, 1896 թուականին ան սրտի տագնապ մը ունենալով, կը մահանայ: Ալֆրետ Նոպէլ գրեթէ իր ամբողջ հարստութիւնը ժառանգ կը ձգէ իր «Նոպէլեան Մրցանակ»ի կազմակերպութեան: Անոր մարմինը թաղուած է իր ծննդավայրին մէջ՝ Սթոքհոլմ, Շուէտ, Նորրա պեկրավնինկսփլաթսէն գերեզմանատանը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին