Հինգշաբթի, 28. 03. 2024

spot_img

Աւելի Քան Բացայայտ Սպառնալիք. Հըզպալլայի Առաջնորդը Կը Յայտարարէ. «Ունինք 100 Հազար Կռուող»

Հեռասփռուած ելոյթի մը ընթացքին Հըզպալլայի առաջնորդ՝ Հասան Նասրալլահ վերլուծելով վերջին օրերու քաղաքական-ապահովական զարգացումները, ի միջի այլոց լիաբերան յայտարարեց, որ Հըզպալլահ կազմ ու պատրաստ ունի 100 հազար զինեալ:

Ի տարբերութիւն անցեալին եւս արձակուած ուժի ցուցադրութեան նմանօրինակ յայտարարութիւններուն Նասրալլայի բացայայտ «նամակ»ը այս անգամ ուղղուած էր ո՛չ, թէ իր գոյութիւնը արդարացնող հասարակաց թշնամիին՝ Իսրայէլին, այլ Սամիր Ժաաժաի ներկայացուցած քրիստոնեայ կողմին:

Հակառակ անոր, որ Նասրալլահ շեշտեց, թէ իր այս յայտարարութիւնը քաղաքացիական պատերազմ կանխելու համար է եւ ո՛չ թէ սպառնալիք, ան աւելի եւս առաջ երթալով իր քաղաքական մրցակիցին՝ յանձին Սամիր Ժաաժաին դէմ սլաքը ուղղելով ըսաւ, թէ իրենք տկար չեն եւ կը խրատեն, որ դիմացի կողմը «դաստիարակուի ու խելօք մնայ»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին