Ուրբաթ, 29. 03. 2024

spot_img

Մելգոնեանէն Սկսած Սէրը…

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Սօսի Նալչաճեան ծնած է Կիպրոս: Ան հետագային շատ աւելի ճանչցուեցաւ իբրեւ Սիսի: Իսկ Հայրապետ Թորոսեան ծնած էր Պէյրութ: Ան ալ հետագային ճանչցուեցաւ որպէս Հայրօ: Բայց յատկանշական կը մնայ Սիսիի եւ Հայրոյի հանդիպումը, որ տեղի ունեցաւ հայկական վարժարանի մէջ` Նիկոսիա, հանրածանօթ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան յարկին տակ: Անոնք հանդիպեցան հայկական վարժարանին մէջ, բայց հանդիպումը աննշան եւ աննպատակ չեղաւ, որովհետեւ անիկա կերտեց ամբողջ կեանք մը: Կեանք մը` սիրոյ, նաեւ նոյնքան` նուիրուածութեան եւ ծառայութեան: Սէրը` իրարու նկատմամբ եւ ընտանիքին: Իսկ այդ սիրոյ արգասիքը եղաւ նուիրումի եւ ծառայութեան համակ կեանք մը` հայուն եւ ազգային արժէքներուն համար:

Սիսին տասներեք տարեկանին, երեւի 1950-ական տարիներուն եկած է Մելգոնեան վարժարան: Իսկ Հայրոն` Պուրճ Համուտի զաւակ, հազիւ տասներկու տարեկանին Պէյրութէն եկած է Կիպրոս: Փոքր տարիքէն կորսնցուցած է մայրը, ու երեւի ինք ալ բռնած է ճամբան «մանկութիւն չունեցող մարդոց»… Բայց այս մանկութիւն չունեցող տղան պիտի կերտէր «կեանք ունեցող» հայը, զօրաւոր եւ վճռական` իր ազգային առաքելութեան մէջ:

Սիսին կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս առաջին օրը մուտք կը գործէ Մելգոնեան վարժարան. «Մէկ ժամ տեւեց, երբ վարձու ինքնաշարժով մը հասայ Մելգոնեան, քանի կ՛ապրէինք Նիկոսիոյ հեռաւոր արուարձաններէն մէկուն մէջ»: Դպրոցի շէնքի մուտքին ան տեսած է աղջիկ մը, որ կու լար: Աղջիկը Ազատուհի Չինարեանն է, որ եկած էր Յունաստանէն եւ մինակ զգացած է Կիպրոսի մէջ, որովհետեւ չէր գիտեր, թէ ի՛նչ պիտի ընէր: «Ազատուհին խնդրեց, որ իր սենեկակիցը ըլլամ գիշերօթիկի բաժինին մէջ: Այդ օրէն սկսեալ եւ մինչեւ այսօր մենք մնացինք լաւ բարեկամներ», կ՛ըսէ Սիսին:

Եւ չուշացաւ երկու պատանի հայուհիներու հնարքները, որոնց մէջ Մելգոնեանի գիշերօթիկը մնացող տղոց հետ հանդիպումները: Օրին մէկը Ազատուհի եւ Սիսին կը գտնեն գիրք մը, որուն մօտիկ կանգնած էին չորս տղաք: Ազատուհին Սիսիին կը փսփսայ, որ տղոց հարցնեն, թէ որո՞ւ կը պատկանի գիրքը: Սիսին գիրքը կը դնէ չորս տղոց առջեւ, որոնց մէջ գտնուող Հայրոն կը մօտենայ եւ կը վերցնէ գիրքը: Արդեօք գիրքը Հայրոյի՞ն էր, թէ՞ ինք ալ իր կարգին տղայական հնարքի դիմած էր` սկսելու համար ծանօթութիւն եւ յարաբերութիւն, որ պիտի տանէր սիրոյ պատմութեան մը, որ կեանք մը պիտի լեցնէր:

Հանդիպման երկրորդ առիթը աւելի դիպուկ դուրս կու գայ: Հայրոն Սիսիէն երեք դասարան աւելի բարձր էր` ներկայանալի եւ լաւ մարզիկ, Մելգոնեանի պասքեթպոլի խումբի «աստղերէն» մին: Սիսին կը սկսի երթալ եւ դիտել Հայրոն պասքեթպոլի մրցումներուն ընթացքին: Բայց արդեօք միայն պիտի դիտէ՞ր:

Մրցումի մը ընթացքին ալ Հայրոն գնդակը պատահմամբ կը նետէ Սիսիի նստած աթոռի կողմը, եւ գնդակը կը դպչի անոր ոտքին: Հայրոն կը մօտենայ գնդակը առնելու եւ կ՛ըսէ. «Քանի գնդակը ոտքիդ դպաւ, ուրեմն պիտի յաղթենք»:

Ճիշդ է` Հայրոն պիտի յաղթէր պասքեթպոլի մրցումներուն, բայց ան յաղթեց ամէնէն մեծ մրցումին` տիրանալով Սիսիի սիրոյն: Երեւի Հայրոյի դէպի կողով նետած իւրաքանչիւր գնդակի հետ ան պիտի նետէր իր սէրը` Սիսիի սրտին մէջ: Այդպիսով Սիսիի սիրտը պիտի լեցուէր այդ սիրոյ գնդակներով` այնքան, որ այլեւս պիտի սկսէր յորդիլ եւ դուրս գալ:

Եւ այդ յորդած սէրէն դուրս պիտի գար Սիսիին նամակը Հայրոյին. «Քեզ շատ կը սիրեմ»: Սիսին յանդգնութիւն կ՛ունենայ գրելու նամակը եւ խնդրելու Հայրոյին դասընկերուհիներէն մէկէն, որ յանձնէ զայն: Իրապէս ալ սէրը տկարութիւն չի ճանչնար եղեր: Սիսին գտաւ իր ուժը` դուրս բերելու համար իր սէրը: Սէրը` Հայրոյին…

Բայց կային Մելգոնեանի ցանկապատերը, որոնք կը բաժնէին տղաքը աղջիկներէն: Այդ ցանկապատը Հայրոյի եւ Սիսիի համար միայն աշխարհագրական բաժանում էր: Եւ չուշացաւ Հայրոյին պատասխանը: Ան նամակ մը նետեց ցանկապատի աղջկանց կողմը, ուր Սիսին նստած էր, եւ որուն մէջ ան տուաւ իր խոստովանութիւնը. «Ես ալ քեզ կը սիրեմ»:

Փոխադարձ սիրոյ զգացումներու բացայայտումով կը սկսէր գուրգուրանքը իրարու նկատմամբ: Հայրոն օր մը երեկոյեան ընթրիքի նարինջի իր բաժինը կը բերէ Սիսիին. «Ասիկա բաժինս է: Ես չկերայ, որպէսզի քեզի տամ»:

Հայրոն եւ Սիսին իրարու տուած էին իրենց սէրը, որ սկսած էր վերածուիլ իրական կեանքի: Հայրոն կ՛աւարտէ Մելգոնեան վարժարանը եւ կը պատրաստուի վերադառնալ Պէյրութ` ուսումը կատարելագործելու: Բայց ինչպէ՞ս երթալ Պէյրութ, երբ Սիսին տակաւին Մելգոնեան էր, նաեւ` իր սիրտը:

Եւ չ՛ուշանար Հայրոյին վճռակամութիւնը, որ կը ներկայացնէ նաեւ Սիսիին. «Կ՛ուզեմ երթալ եւ հանդիպիլ ծնողքիդ հետ», կ՛ըլլայ խանդավառ երիտասարդին հաստատ կեցուածքը: Բայց եւ այնպէս Սիսիին հօր խանդավառութիւնը տարբեր էր Հայրոյինէն: «Գնա՛, տղա՛ս, ուսանէ: Երբ վերադառնաս, տեսնենք` ի՛նչ կ՛ըլլայ: Եթէ մինչ այդ մեր աղջիկը չէ ամուսնացած, կը նայինք…»:

Հայրոյի համար դիւրին չէր այս կեցուածքը: Ան կ՛երթայ Պէյրութ, բայց մէկ ամիս ետք դարձեալ կը վերադառնայ Կիպրոս եւ կը դառնայ թուաբանութեան ուսուցիչ Մելգոնեան վարժարանի մէջ: Իսկ իր աշակերտներէն Սիսի՞ն…

Սիսին կը գերազանցէր թուաբանութեան քննութիւններուն, ինչ որ կը գրգռէր դասընկերուհիներուն նախանձը. «Եթէ մենք ալ մեզ սիրող ուսուցիչ ունենայինք, մենք ալ բարձր նիշեր կ՛առնէինք»:

1963  թուականին Սիսին եւ Հայրոն կ՛ամուսնանան: Սիսին տասնինը տարեկան էր, իսկ Հայրոն` քսանչորս:

Հայրոն զգայուն տղայ էր: Թէեւ թուաբանութեան ուսուցիչ էր, բայց երաժշտութիւնը անոր կեանքն էր: Աւելի ուշ ան կ՛ըլլայ երաժշտութեան ուսուցիչ` Նարեկ ազգային վարժարանին մէջ: Հայրոն եթէ մէկ կողմէ դարձաւ խմբավար` երկար տարիներ ծառայելով հայ եկեղեցւոյ եւ անոր երգչախումբին, բայց նոյնքան վաստակ շահեցաւ կիպրական շրջանակի մէջ` իբրեւ ծանօթ երաժիշտ եւ «չելիսթ»: Ան երկար տարիներ մաս կազմեց Կիպրոսի սիմֆոնիք նուագախումբին` սէր եւ յարգանք նուաճելով բոլորին կողմէ:

Սիսին նուիրուեցաւ Կիպրոսի հայկական ռատիօժամին: Ան աւելի քան քառասուն երկար տարիներ մեծ նուիրուածութեամբ եւ սիրով ծառայեց` հայուն «ձայնը» լսելի դարձնելու ամէն կողմ:

Սիսիին հետ երկար տարիներ կրցայ գործակցիլ, երբ հայերէն հոգեւոր եւ այլ յայտագիրներ կը պատրաստէինք ու կը սփռէինք: Իսկ Հայրոն արդէն ֆիզիքապէս սկսած էր տկարանալ, երբ ես իրեն հանդիպեցայ եւ զինք անձնապէս ճանչցայ: Մէկ-մէկ պիտի հարցնէր ինծի, երբ կրնար. «Մեր Պուրճ Համուտը ինչպէ՞ս է»: Հայրոն չէր կրնար մոռնալ տունը, անոր կարօտն ու սէրը:

Հայրոն իր երկրային կեանքին հրաժեշտ տուաւ 2012 թուականին`  տարեդարձէն տասներկու օր առաջ: Սիսին դադրած է աշխատանքէ եւ կ՛ապրի հանգստեան իր կեանքը: Բայց Հայրոյին սէրը չէ դադրած իր կեանքէն: «Նկարը տունը հեռատեսիլին վրայ է: Կ՛ապրիմ հետը ամէն օր», ըսաւ Սիսին:

Կիպրոսի սիմֆոնիք նուագախումբը  24 մայիսի 2012-ին յուշ երեկոյ մը կազմակերպեց Հայրոյի վաստակին: Անոնք Սիսիին յանձնեցին շքանշան մը` յերախտագիտութիւն Հայրոյի երկար տարիներու երաժշտական վաստակին եւ ներդրումին Կիպրոսի մէջ:

Հայրոն եւ Սիսին` երկուքն ալ պարգեւատրուած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով` իրենց ծառայութեամբ լեցուն կեանքին համար: Հայրոյին կեանքին կարգախօսն էր` «Ծառայէ եւ յարգէ»:

«Հայրս հրեշտակ մըն էր, որ այս աշխարհը եկաւ», կ՛ըսէ Մարալը` Հայրոյի եւ Սիսիի դուստրը: Հրեշտակ մը, որուն սիրտը երբեք չդադրեցաւ բաբախելէ…:

Ներկայ էի Հայրոյի յուղարկաւորութեան արարողութեան: Թէեւ մարմինը դադրած էր շնչելէ, բայց կը զգայի անոր սիրտը, որ չէր դադրած բաբախելէ: Եւ այդ բաբախող սրտին մէջ կը զգայիր սէրը Սիսիին… Սէրը` երաժշտութեան… Սէրը` արժէքի կեանքին… Սէրը` հայուն:

Այս Մելգոնեանէն սկսած սէրն է: Հայրոյին եւ Սիսիին սէրը: Սէրը, որ կերտեց անձնական եւ ընտանեկան կեանք, բայց նաեւ` գաղութային եւ ազգային: Եւ այս այն սէրն է, որ կը շարունակուի եւ կանգ չ՛առներ: Կը շարունակուի եւ կը կերտէ կեանքեր: Կեանքեր` սիրոյ եւ արժէքի:

Պիտի շարունակե՞նք կերտել այս կեանքերը` սիրոյ եւ արժէքի:

Եթէ հայուն կեանքը պիտի դնենք պատմութեան շարունակականութեան մէջ, ապա պատասխանը պիտի ըլլայ` այո՛:

Մելգոնեանէն սկսած սէրը, որ կը շարունակուի եւ կը կերտէ նոր կեանքեր:

Պահենք եւ կերտենք այս կեանքերը…:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին