Ուրբաթ, 06. 06. 2025

spot_img

Ֆրանսան Միշտ Լիբանանի Կողքին Է. Մաքրոն

 Ֆրանսայի նախագահ՝ Մաքրոն վստահեցուցած է, որ Ֆրանսա   ինչպէս երէկ այսօր ալ Լիբանանի եւ լիբանանցիներու կողքին է։ Այս մասին կը հաղորդէ «Արեւելք»:

Ֆրանսայի մայրաքաղաք՝ Փարիզ ժամանելով Լիբանանի վարչապետը Էլիզէյի պալատին մէջ ընդունուած է  նախագահ Մաքրոնին կողմէ։

Կողմերը միասին քննարկած են  վերջին զարգացումները ու նաեւ Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր իրադրութիւնը։ 

 Երկու առաջնորդները միացեալ մամլոյ ասուլիս մը տալով  նշած են, որ Միքաթիի կառավարութիւնը մեծ յանձնառութեան առջեւ է։

Վարչապետ Միքաթի  իր խօսքին մէջ նշած է, որ իր գլխաւորած կառավարութիւնը ամբողջական պատրաստակամութիւնը ունի գործակցելու նախագահին ու խորհրդարանին հետ, կարեւոր բարեկարգումներ կատարելու ու նաեւ  խորհրդարանական ընտրութիւնները կայացնելու։

Իր կարգին Ֆրանսայի նախագահ՝ Մաքրոն վստահեցուցած է, որ Ֆրանսա   ինչպէս երէկ այսօր ալ Լիբանանի եւ լիբանանցիներու կողքին է։ 

Մաքրոն նաեւ ըսած է, որ Լիբանանն արժանի է  շատ  աւելի լաւ վիճակի մը մէջ ըլլալուն կարեւորելով , որ Միքաթիի կառավարութիւնը արագօրէն անցնի գործի ու բարեփոխումներ կատարէ երկրի բազում ոլորտներուն մէջ ու նաեւ աշխատի արագօրէն բացայայտել անցեալ տարի Լիբանանը ցնցած պայթումին ետին կանգնողները։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին