Երկուշաբթի, 02. 06. 2025

spot_img

Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Նախագահը

Շաբաթ, 18 Սեպտեմբեր 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, ընդունեց այցելութիւնը Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի, ընկերակցութեամբ Միութեան Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետ Ժերար Թիւֆէնքճեանի։

Աւելի քան երկու ժամ տեւած հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ լայն քննարկումի ենթարկելու Լիբանանի ու Հայաստանի առնչուած շարք մը այժմէական խնդիրներ։ Այս ծիրէն ներս յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց դիմաց կանգնող մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ Սփիւռքը վերակազմակերպելու հրամայականին։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին