Հինգշաբթի, 28. 03. 2024

spot_img

Օտար Բարքեր

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք» ի Երէց Աշխտակից

Սկովտիոյ Նոր Օրէնքը . . .

Սկովտիա Միացեալ Թագաւորութեան չորս երկիրներէն մէկն է՝ Անգլիոյ, Հիւսիսային Իռլանտայի եւ Ուէյլզի կողքին։ Սկովտիա կը գտնուի Անգլիոյ հիւսիսը եւ անոր մայրաքաղաքն է Էտինպուրկ, իսկ բնակչութեան թիւը` մօտաւորապէս 5.5 միլիոն։

Այսքանը շատ բարի, սակայն ինչո՞ւ Սկովտիան դարձաւ մեր այսօրուան նիւթը։ Հիմա թոյլ տուէք որ բացատրեմ, բայց պատրաստ գտնուեցէք այն սահմռկեցուցիչ լուրին՝ որ հիմնովին պիտի ցնցէ ձեզ . . .

Արդարեւ՝ Օգոստոս 12, 2021-ին, կառավարութիւնը օրէնքի անցուցած է նոր տրամադրութիւն մը՝ ըստ որուն չորս տարեկան դպրոցական երեխաներ (տես նկարը) կրնան իրենց անունը փոխել եւ ո՞ր սեռին պատկանիլը ճշդել, առանց իրենց ծնողներու արտօնութեան։

Այդ տարիքի երեխաները կրնան նոյնիսկ դպրոցի պատկան իշխանութեանց ուշադրութեան յանձնել որ իրենք կը նախընտրեն տղոց կամ աղջկանց արտաքնոցները գործածել։ Իսկ դպրոցի ղեկավարութիւնը պէտք է տեղի տայ, անոնց նախընտրանքին ու վերջ։ Իսկ այս բոլոր փոփոխութիւնները կը կատարուին՝ առանց ծնողներու գիտակցութեան։

Հետաքրքրական է գիտնալ որ այս լուրը սփռուեցաւ հեռատեսիլի մը կայանէն՝ վերոյիշեալ տրամադրութեան օրէնքի անցնելէն միայն երկու օրեր ետք։ Կրնա՞ք երեւակայել որ աշխարհի բոլոր ծնողները վերահասու դարձան այս տխուր իրականութեան եւ հաւանաբար ահի ու սարսափի օրեր կ՛անցնեն իրենց ընտանիքներուն մէջ, վախնալով որ իրենց ալ կը հասնի այն օրը՝ երբ պէտք է այդ օրէնքին ենթարկուին։

Ահաւասիկ այդ օրէնքին գործադրութեան հետեւանքներէն մի քանի պատկերներ։

  • Չորս տարեկան մանչդ դպրոցէն տուն կու գայ օր մը եւ քեզի կ՛ըսէ թէ վաղը կ՛ուզէ հագուստ, որպէս դպրոցական տարազ։
  • Չորս տարեկան աղջիկդ տուն կու գայ դպրոցէն եւ քեզի կ՛ըսէ թէ Մարալի փոխարէն, զինք Սարգիս պիտի կոչես յետ այսու։

Վստահ եմ հեռու չէ այն օրը՝ երբ Սկովտիոյ այդ օրէնքը պիտի կիրարկուի նաեւ ուրիշ երկիրներու մէջ ալ։ Այն ատեն՝ Աստուած մեզի հետ ըլլայ եւ համբերութիւն շնորհէ բոլորիս, ամէն։

Տուներու Նոր Տեսակի Շինանիւթ . . .

Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Նայճէրեայէն։ Ափրիկեան ցամաքամասին մէջ գտնուող այս երկրի բնակչութիւնն է 201 միլիոն, մայրաքաղաքն է Ապուճա, իսկ երկրի պաշտօնական լեզուն՝ Անգլերէնն է։

Հիմա առաջ որ գանք մեր նիւթին, ես կ՛ուզեմ յետադարձ ակնարկով մը երթալ Միջին Արեւելքի երկիրները՝ ուրկէ շատերս գաղթած ենք ամերիկա, եւ մտաբերել այդ տեղի տուներուն շինանիւթերը։ Մեր բնակած տուները հոն՝ քարաշէն էին, իսկ գիւղերուն մէջ կարելի էր տեսնել հողաշէն կամ աղիւսէ շինուած բնակարաններ։

Եկանք ամերիկա եւ տեսանք որ հոս՝ տուները շինուած են փայտէ։ Թէեւ սկիզբը յուսախաբ եղանք, սակայն ընտելացանք այս նոր կացութեան հետ եւ ընդունեցինք զայս որպէս նոր երկրի նոր շինանիւթ . . .

Վերադառնալով մեր նիւթին, Նայճերիոյ մէջ նոր տեսակի շինանիւթ մը սկսած են գործածել որ թէ աժան է եւ թէ ալ տոկուն, ըստ տեղական վիճակագրութեանց։ Իսկ ի՞նչ է այդ նոր տեսակի շինանիւթը։ Հիմա թոյլ տուէք որ բացատրեմ։

Ուրեմն ջուրի պարպուած փլասթիքէ (plastic) շիշերը փոխանակ թափելու, հողով կը լեցնեն (տես նկարը) եւ աղիւսի նման՝ քով-քովի կը շարեն։ Հաւանաբար շաղախ ալ կը գործածեն՝ որպէսզի պատը չփլի, ամբողջանալէ ետք։

Սա՝ կը պնդեն տեղացիները, քսան անգամ աւելի զօրաւոր է քան աղիւսը եւ կը տոկայ նոյնիսկ ամէնազօրաւոր երկրաշարժներու դէմ։ Կցուած երկրորդ նկարը ցոյց կու տայ աւարտած երկյարկանի տուն մը։

Իսկ հետաքրքրական է գիտնալ որ մէկ ննջասենեակ, մէկ նստասենեակ, մէկ խոհանոց եւ մէկ բաղնիքէ բաղկացած տունի մը համար՝ անոնք կը գործածեն միայն 7,800 շիշ։ Բաւական աժանի կը նստի, չէ՞!

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին