Շաբաթ, 27. 04. 2024

spot_img

Իր Մահկանացուն Կնքեց Լիբանանի Շիիթ Համայնքի Հոգեւոր Առաջնորդ՝ Ապտըլ Ամիր Քապալան

Լիբանանի մէջ  իր  մահկանացուն կնքած է Լիբանանի շիիթ համայնքի հոգեւոր առաջնորդ՝ Շէյխ Ապտըլ Ամիր Քապալանը։

 Ըստ «Արեւելք»ին Քապալան վերջին շրջանին ունեցած է առողջական խնդիրներ, որոնց հետեւանքով ալ օրեր առաջ փոխադրուած էր հիւանդանոց եւ այնտեղ ալ մահացաւ:

Յիշեցնենք, որ Ապտըլ Ամիր Քապալան առեւանգուած Մուսա Ալ Սատըրին հետ, ինչպէս նաեւ Մոհամմատ Մահտի Շամսալտինին հետ եղած է համահիմնադիրը Լիբանանի շիիթներու կրօնական խորհուրդին («Ալ մաժլաս ալ շիի ալ աալա»)։

Շէյխ Քապալանի (85 տարեկան) վերջին հրաժեշտի արարողութիւն պիտի կատարուի վաղը։

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին