Հինգշաբթի, 18. 04. 2024

spot_img

Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսները Հրաւիրուած Են Հռոմ` Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարք Ընտրելու

Միջին Արեւելքի տարբեր քաղաքներու եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու թեմերուն մէջ ծառայութիւն իրականացնող Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսները 20 Սեպտեմբեր 2021-էն սկսեալ հրաւիրուած են Հռոմ` Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատրիարք ընտրելու համար, որ պիտի փոխարինէ 25 Մայիսին վախճանած Գրիգոր Պետրոս Ի. պատրիարքը: vaticannews-ի հաղորդումով, այս մասին յայտնած է Հալէպի հայ կաթողիկներու առաջնորդ եւ Տանն Կիլիկիոյ հայոց պատրիարքութեան թափուր աթոռի կառավարիչ Պետրոս արք. Միրիաթեան:

Նշուած է, որ 22 Յունիսին կարելի չէ եղած պատրիարք ընտրել, քանի որ թեկնածուներէն որեւէ մէկը չէ կրցած հաւաքել ձայներու երկու երրորդը, ինչպէս նախատեսուած է Արեւելեան եկեղեցիներու եկեղեցական կանոնադրութեան մէջ:

Պետրոս արք. Միրիաթեան յայտնած է, որ հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսները պէտք է 20 Սեպտեմբերէն սկսեալ հաւաքուին Հռոմի Լեւոնեան քահանայապետական վարժարանին մէջ, ուր 22 Սեպտեմբերին պէտք է սկսին ընտրութեան նիստերը, որոնց պիտի նախագահէ Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովներու կառավարիչ, կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին