Ուրբաթ, 19. 04. 2024

spot_img

Գիր Շնորհաւորանքի եւ Երախտագիտութեան

ԶԱՐԹՕՆՔ Կը Շնորհաւորէ Ամենայն Հայոց Հայրապետին Ծննդեան Տարեդարձը

ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ.
Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս

Մայր Աթոռ, Սուրբ էջմիածին

Վեհափառ Տէր,

Լիբանանի ԶԱՐԹՕՆՔ օրաթերթի խմբագրական կազմի, աշխատակիցներուն եւ բազմահազար ընթերցողներուն եւ բարեկամներուն անունով կը շնորհաւորենք, Ձեր ծննդեան 70 ամեակը:

Այսօր, հոգեկան գոհունակութեամբ եւ մեծ երախտագիտութեամբ կը յիշենք՝ Ձեր ձեռնարկած մեծ թիւով եկեղեցիներու կառուցումն ու վերաշինութիւնը, նոր թեմերու հիմնադրութիւնը, Ձեր հովանիին տակ գործող հոգեւոր ճեմարաններուն փայլուն գոյերթը եւ Ձեր շնորհիւ հիմնադրուած հայորդաց տուներու եւ դպրոցներու ազգօգուտ  գոյութիւնը, Մայր Աթոռին Ձեր օրհնութեամբ կատարած մշակութային ներդրումները,  Հայ ժողովուրդի արժէքներուն եւ պետականութեան պահպանման ի խնդիր ձեր յախուռն կեցուածքները, ինչպէս նաեւ ընկերային եւ ֆինանսական մարդասիրական օժանդակութիւնները, որմէ կ՛օգտուին բազմահազար հայորդիներ:

Մենք անձամբ կը վկայենք Ձեր անզիջում եւ անվեհեր միջամտութիւններուն մասին, ազերի ոտնձգութիւններէն զերծ պահելու համար Դադի Վանքը, իսկ Մայր Աթոռ այցելող իւրաքանչիւր հայորդի հպարտութեամբ կը վկայէ անոր աւելի եւս բարեկարգուած վիճակին մասին, մինչ հոն այցելող իւրաքանչիւր զբօսաշրջիկ, կը հմայուի անոր տարածքին սքանչելի եւ Աստուածահաճոյ տեսքով ու կառոյցներով:

Այս առիթով, Ձեզի՝  Հայոց Վարչագէտ եւ Շինարար Հայրապետին կը մաղթենք քաջառողջութիւն, արեւշատութիւն եւ Աստուծոյ զօրակցութեամբ նորանոր իրագործումներ, հովուապետական Ձեր առաքելութեան յաջորդող տարիներուն ընթացքին, ի փառս եւ ի բարօրութիւն Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյն եւ ի նպաստ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն, Հայոց բանակին եւ աշխարհասփիւռ Հայ ժողովուրդի զաւակներուն:

Թող, որ բարձրեալն Աստուած աւելի եւս յաջողութիւններ շնորհէ Ձեր ազգօգուտ վեհ իղձերուն եւ նպատակներուն իրագործման:

Մատչելով ի համբոյր Ձերդ Օծեալ Ս. Աջոյն,

Որդիաբար՝

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Լիբանանի ԶԱՐԹՕՆՔ Օրաթերթի
Գլխաւոր Խմբագիր
21 Օգոստոս, 2021
spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին