Ուրբաթ, 19. 04. 2024

spot_img

Աստուածամօր Վերափոխման Տօնը Եւ Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրը Նշուեցան Համանուն Վանքի Համալիրէն Ներս

Լիբանանի ներկայ տագնապալի պայմաններուն մէջ չենք կրնար մեր աղաչական հայեացքը երկինք չյառել՝ խնդրելու եւ աղերսելու Աստուածամօր բարեխօսութիւնը։ Հաւատացեալ ուխտաւորը իր հայեացքը հաւատքով ուղղելով Աստուածամօր փրկարար դերին պիտի կարենայ դիմագրաւել ամէն տեսակի մարտահրաւէր. իսկ հաւատքը մշտական վերանորոգման ընթացքի մէջ ըլլալով, եկեղեցին կը ստանձնէ այդ պատասխանատուութիւնը եւ հոգեւոր սնունդ կը մատակարարէ իր հոգեպարար արարողութիւններուն եւ հոգեթով քարոզախօսութիւններուն ընդմէջէն։

Արդարեւ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնն ու Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի ուխտի օրը նշուեցան Շաբաթ, 14 Օգոստոս 2021-ի երեկոյեան՝ Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ։ Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, իսկ Պատարագի «Կոմիտասեան» արական երգեցողութիւնը կատարեցին «Շնորհալի» երգչախումբի անդամները՝ խմբավարութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի։

Ս. Պատարագի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը, շրջապատուած եպիսկոպոսներով ու միաբան հայրերով, բարձրացաւ Ս. Խորան, ուր կատարեց խաղողօրհնէքի աւանդական արարողութիւնը, որմէ ետք փոխանցեց իր Հայրապետական պատգամը։

Առաջին հերթին, ներկայ տագնապներուն մէջ ժողովուրդին հոգեկան ապրումներուն թարգմանը ըլլալով՝ Հսյրապետը իր աղօթքը բարձրացուց առ Աստուած՝ փառք ու գոհութիւն տալով Անոր. «Փառք Քեզ, Աստուած, փառք Քեզ. յաղագս ամենայնի, Տէր, փառք Քեզ»։ Մեր եկեղեցւոյ ծեսէն առնուած այս փունջ մը պարզ, բայց խորիմաստ բառերը հարազատ կերպով կ՚արտայայտեն քրիստոնէական հաւատքին էութիւնն ու հրամայականը։ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, որ մարդուն կեանքը պարգեւ է Արարիչին կողմէ, եւ, հետեւաբար, պէտք է մարդը այս գիտակցութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ ապրի ու գործէ։

Անդրադառնալով մարդուն մեղանչումին՝ Հայրապետը դիտել տուաւ, որ Աստուած մարդուն օժտեց երկնային շնորհներով եւ տուաւ իշխանութիւն, սակայն մարդը անտեսելով իր շնորհքին Աստուածատուր ըլլալը, իշխանութիւնը վերածեց բացարձակ հեղինակութեան, անտեսեց համարատուութիւնը ու վերածուեցաւ չարիքի աղբիւրի։ Ան ընդգծեց, որ այն ինչ որ կը կատարուի ու կը տեսնենք այսօր՝ մարդուն մեղքի եւ Աստուծոյ կողմէ մարդուն տրուած պատասխանատուութեան անպատասխանատու վերաբերմունքին հետեւանքն է, եւ, ուստի, Հայրապետը հարց տուաւ, թէ արդեօք մարդը կ՚անդրադառնա՞յ, որ Աստուած ոչ միայն կեանք եւ օրհնութիւններ շնորհած է մարդուն, այլեւ Իր գործակիցը դարձուցած է անոր. տուած է ազատութիւն՝ ոչ միայն կառավարելու ինքզինք, այլ նաեւ՝ ամբողջ տիեզերքը։ Վեհափառ Հայրապետը նշեց, որ մարդ արարած կառավարումը պէտք է կատարէ բարձրագոյն գիտակցութեամբ, քանի որ ինքնակեդրոն եւ ինքնանպատակ կենցաղին մէջ կը բացակայի Աստուած. իսկ հոն, ուր բացակայ է Աստուած, անհատական թէ, հաւաքական կեանքին մէջ, կը տիրէ մեղք, չարիք, ապականութիւն եւ անիշխանութիւն։

Վերջապէս, Հայրապետը յայտնեց, որ հարկ է ընդմիշտ փառք եւ գոհութիւն տալ Աստուծոյ, մանաւանդ երբ շրջապատուած ենք տագնապներով, որովհետեւ միայն Աստուած է ճանապարհը, փրկութիւնն ու յաւիտենականութիւնը։

Նշենք, որ նկատի առնելով Լիբանանէն ներս ստեղծուած ընկերային ու տնտեսական ծանր պայմանները, այս տարի մատաղ (հերիսա) չպատրաստուեցաւ, այլ միայն խաղողի օրհնութեան կարգ կատարուեցաւ, իսկ ուխտաւորները, փոխան մատաղցու ոչխարի, իրենց ուխտի ընծաները ընծայեցին բարեսիրական ու մարդասիրական հաստատութիւններու։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին