Building Togethrer Leaving A Legacy
Գէվոնեան Եւ Առաքելեան Ընտանիքներ Երկու Միլիոն Տոլար Կը Նուիրեն
Կիրակի, Յուլիս 11, 2021 կ.ե. ժամը 5։00-ին, Կլենտէյլի կեդրոնական թաղամասին վրայ, տեղի ունեցաւ Հայ Ամերիկեան Թանգարանի փառաշուք եւ իրապէս պատմական հիմնարկէքի արարողութիւնը։ Այդ օր ոչ միայն ԱՄՆ-ի, այլ հայրենիքի, Արցախի եւ աշխարհի բոլոր ցամաքամասերու վրայ ապրող հայութիւնը հնարաւորութիւնը ունեցաւ հետեւելու այս արարողութեան, որուն ներկայ էին ԱՄՆ-ի դաշնակցային, նահանգային, գաւառային եւ քաղաքային պետական, ինչպէս նաեւ ազգային հասարակական կազմակերպութեանց եւ միութեանց հազարէ աւելի հրաւիրեալներ։ Հոն բազմութիւն մը եւս յոտընկայս հետեւեցաւ սոյն հանդիսութեան եւ բազմահարիւր հազարներ եւս հետեւեցան այս արարողութեան հեռատեսիլի կայաններով, դիմատետրով, «You Tube»ով եւ այլ միջոցներով։
2014-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախաշեմին, Լոս Անճելըսի մէջ գործող 10 համահայկական հաստատութիւններ եւ կազմակերպութիւններ իրարու մօտ գալով, գաղափարը յղացան եւ որոշեցին նման թանգարան մը կառուցել, այս ափերուն վրայ յաւերժացնելու համար մեր սրբադասուած նահատակներու անթառամ յիշատակը եւ միաժամանակ նման թանգարան մը, որ մեր նորահաս հայ եւ ոչ հայ սերունդներու համար պիտի ըլլայ հայոց պատմութեան, հայ մշակոյթի եւ Հայ Դատի ծանօթացման անսպառ աղբիւր մը։
Այս երազը իրականութիւն սկսաւ դառնալ եւ վեց տարի շարունակ այս թանգարանի մարմինը գլխաւորութեամբ՝ գաղութիս ծանօթ ազգայիններէն՝ Պերճ Կարապետեանի տքնաջան աշխատանքով, մօտ մէկ արտավար հոյակապ հողաշերտ մը ձեռք ձգեցին Կլենտէյլ քաղաքապետարանէն։ Սկսաւ դրամահաւաքի աշխատանքները, թանգարանի պետական արտօնութիւններ եւ յատակագիծերու պատրաստութիւնը։ Մօտ 50 միլիոն տոլար արժող այս շէնքին համար ցարդ Գալիֆորնիոյ՛ նահանգէն եւ կառավարիչէն, ինչպէս նաեւ Կլենտէյլի քաղաքապետարանէն եւ Լոս Անճելըս Գաւառի կողմէ եւ անհատական բարերարներէն մօտ 10 միլիոն տոլարի խոստումներ եղած են։
Արդարեւ այդ օր թանգարանի հողատարածքը ստացաւ տօնական աննկարագրելի վայր մը, ամէն անձի դէմքին վրայ ուրախութիւնը նշնարելի էր։ Ներկաները անխառն խինդով եւ հպարտութեամբ լեցուած հետեւեցան այդ արարողութեան։
Թանգարանի Խնամակալ Մարմնի գործադիր տնօրէն Շանթ Սահակեանի բարի գալուստի եւ ողջոյնի ջերմ խօսքէն ետք, ՀԲԸՄիութեան երգչախումբէն Լիլիա եւ Ալեքսանտրա Եարալեանները շատ գեղեցիկ եւ տպաւորիչ կատարումով յոտընկայս երգուեցաւ ամերիկեան եւ հայկական օրհներգները։ Արարողութիւնը սկսաւ շրջանի հայ հոգեւոր պետերու աղօթքով, եւ անդաստան սրտի խօսքերով։
Գործադրուեցաւ օրուան պատշաճ յայտագիր մը հանդիսավարութեամբ KTLA կայանի ծանօթ հեռուստալրագրող Էլինա Աբովեանի։ Այդ առիթով ողջոյնի խօսքով ելոյթ ունեցան Կլենտէյլի քաղաքապետ Փոլա Տիվայն, ինչպէս նաեւ քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամներ։
Հիմնարկէքի յանձնախումբի անունով՝ Ատենապետուհի Թալին Եագուպեան խօսք առնելով ողջունեց ներկաները եւ յիշեց թէ Հայ Ամերիկեան այս Թանգարանը պիտի հանդիսանայ հայ դարաւոր մշակոյթը հայ նորահաս սերունդին եւ ԱՄՆ ժողովուրդին ծանօթացնելու կեդրոն մը։
Մէջընդմէջ լայն պաստառի վրայ կը ցուցադրուէր թանգարանի բաժանմունքներէն տեսարաններ, Գալիֆորնիոյ նահանգապետ՝ Քեւըն Նիւսըմ, Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Քաթրին Պարկըր եւ քաղաքական գործիչներու շնորհաւորական խօսքերը եւ Թանգարանի Խնամակալ Մարմնի անդամներու խօսքերը։
Ջերմ ելոյթներ ունեցան ԱՄՆ Գոնկրէսի անդամ Ատամ Շիֆ եւ Գալիֆորնիոյ նահանգի Ծերակուտական Անթոնիօ Փորթանթինօ, որոնց խօսքերը արժանացան երկարատեւ ու ջերմ ծափահարութիւններու։
Գոնկրէսի անդամ Ատամ Շիֆ Անթինիօ Փորթանթինօ
Հայ Ամերիկեան Թանգարանի եւ մշակութային կեդրոնի գործադիր վարչութեան նախագահ՝ Պերճ Կարապետեան ելոյթ ունենալով, համառօտակի տեղեկութիւն տուաւ այս թանգարանի ծրագրին եւ աշխատանքներուն մասին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Կլենտէյլի քաղաքապետարանի, Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու մարմնին եւ գոնկրէսականներու, որոնք այս թանգարանի աշխատանքներու օգնող մօտ 20 ենթայանձնախումբերուն, այդ օրուայ ձեռնարկը հովանաւորող հաստատութեանց եւ ազգայիններու ու մանաւանդ Հայ Ամերիկեան Թանգարանի գրասենեակի ժրաջան պաշտօնէութեան գլխաւորութեամբ Շանթ Սահակեանի։
Պերճ Կարապետեան Թանգարանի Յանձնախումբի նախագահ Գէվոնեան ընտանիք եւ Պերճ Կարապետեան
Ապա Պրն. Կարապետեան յիշեց, թէ այդ օր Քէվին եւ Ալիսիա Գէվոնեան եւ Առաքելեան բարեհամբաւ ընտանիքներուն կողմէ մէկական միլիոն տոլար կը նուիրեն։
Տիկին Ալեքսիա Գէվոնեան ելոյթ ունենալով շնորհաւորեց թանգարանի պատասխանատուները եւ հայ ժողովուրդը այս պատմական իրագործումին համար։
Ապա Պերճ Կարապետեան հրաւիրեց Թանգարանի Խնամակալ Մարմնի 10 կազմակերպութեան ներկայացուցիչները եւ տնօրէն ժողովի (Board of Director) անդամներ բեմ բարձրանալով կատարեցին հիմնարկէքի խորհրդանշական արարողութիւնը։
Արդարեւ շատ յուզիչ եւ ուրախալի երեւոյթ մըն էր, որ Հայ Ամերիկեան Թանգարանին շուրջ ինչպէս անցեալին այս անգամ եւս միացած եւ միաւորուած են նման ազգօգուտ ծրագիրի մը շուրջ։
Յիշենք թէ այդ օր գեղարուեստական բաժնէն իր մասնակցութիւնը բերաւ «Element Band» քառեակը հայկական ջերմ եւ սրտաշարժ երգերու ցանկ մը կատարելով։
Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Հայ Ամերիկեան Թանգարանի բոլոր մարմինները եւ պատասխանատուները այս իրապէս շատ արհեստավարժ եւ բծախնդրութեամբ կազմակերպելով հոյակապ ձեռնարկին համար։
Կը սպասենք մեր բարերարներուն օգնութեան եւ Տիրոջ կամքով երկու-երեք տարիէն որպէս շօշափելի իրականութիւն կը տեսնենք այդ հոյակերտ թանգարանը։
Բոլորին վարձքը կատար։