Ուրբաթ, 19. 04. 2024

spot_img

Տեսայ, Լսեցի, Վկայեցի…

ՅՈՎԱԿԻՄ ՎՐԴ. ԲԱՆՃԱՐՃԵԱՆ

Գիտէի Վեհափառ Հայրապետին նկատմամբ Վատիկանի ունեցած մեծ համարումին մասին։ Այս մասին լսած էի շարք մը ականատեսի վկայութիւններ։ Այս անգամ իբրեւ ուղեկից Վեհափառին կրնամ անվարան նոյնը հաստատել՝ տեսայ, վկայեցի եւ կ՚ուզեմ իմ վկայութիւնս նաեւ սեփականութիւնը դարձնել ուրիշներու։

Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս Լիբանանի հոգեւոր պետերը ուղղուեցան Վատիկան։ Սա ո՛չ պարագայական եւ ոչ ալ սովորական երեւոյթ մըն էր։ Վատիկանի մէջ Պապին մասնակցութեամբ եւ վատիկանեան իշխանութեան բարձրաստիճան քարտինալներու ներկայութեամբ հանդիպումներ կազմակերպելը եզակի երեւոյթ մըն է։ Հետեւաբար, կ՚արժէ անդրադառնալ, թէ ինչպէ՞ս հոգեւոր պետերը ուղղակի Պապին կողմէ հրաւիրուեցան Լիբանանի տագնապին շուրջ խորհրդակցութիւն ունենալու։

Պատմութեան համար հարկ է հաստատել, թէ վերոյիշեալ ժողովին ետին կը գտնուէր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը։ Արդարեւ, ի տես ժողովուրդին հետզհետէ խորացող տագնապին եւ Լիբանանի քաղաքական վերին պատասխանատուներու լռութեան կամ անկարողութեան, Վեհափառը ի՛ր անձնական նախաձեռնութեամբ որոշեց դիմել Վատիկանի աջակցութեան։

Նկատի ունենալով Վատիկանի, որպէս եկեղեցի ու պետութիւն, պատմական յարաբերութիւնը Լիբանանի հետ, ինչպէս նաեւ իր բարոյական հեղինակութիւնը միջազգային համայնքէն ներս, Վեհափառ Հայրապետը համոզուած էր, որ Լիբանանի պատմութեան այս ճակատագրական օրերուն Վատիկանը կրնար կարեւոր դեր ունենալ՝ Լիբանանի վերականգնումի աշխատանքներուն մէջ։

Այս համոզումէն մեկնելով Հայրապետը նամակ մը յղեց Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապին՝ յստակօրէն պարզելով Լիբանանի կացութիւնը եւ այս գծով շեշտելով Վատիկանի զօրակցութեան հրամայականը։ Կարճ ժամանակ յետոյ, Պապին կողմէ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը հրաւէր ստացան հանդիպում ունենալու Վատիկանի մէջ, Յուլիս 1-ին։

Արամ Ա. Կաթողիկոս յաճախ կը յիշեցնէ, թէ Անթիլիասը կը հաւատայ գործին ու ծառայութեան՝ հեռու մնալով քարոզչական լուսարձակներէ։ Այս պարագային եւս, Վեհափառը ո՛չ ոքի արտայայտուեցաւ իր նախաձեռնութեան մասին։ Յիշեալ նախաձեռնութեան հրապարակումը եկաւ թէ՛ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետերէն եւ թէ Վատիկանէն՝ ողջունելով այս յոյժ կարեւոր քայլը։

Շարունակեմ։ Վատիկանի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպման կազմակերպական աշխատանքներուն առաջին իսկ հանգրուանին Ֆրանսիս Պապը փափաքեցաւ, որ առաջին նիստին Վեհափառ Հայրապետը ըլլայ բանախօսը՝ «Ընկերային-քաղաքական ներկայ տագնապը Լիբանանէն ներս եւ զայն դիմագրաւելու ազդու միջոցները» նիւթին շուրջ։ Նկատի ունենալով յիշեալ նիւթին զգայուն բնոյթը, յատկապէս համայնքային դրութիւն ունեցող Լիբանանի մէջ, իր պատրաստած դասախօսութեան մասին Վեհափառ Հայրապետը ուզեց իմանալ լիբանանցի չորս տարբեր փորձագէտներու տեսակէտները։ Բոլորն ալ համաձայն եղան Վեհափառին մօտեցումներուն եւ լուծումներու գծով արտայայտած տեսակէտներուն։

Ուղղուեցանք Վատիկան մարոնիթ Րաաի Պատրիարքին եւ Վեհափառ Հայրապետին համար տրամադրուած յատուկ օդանաւով։ Թռիչքի պահուն երկու հոգեւոր պետերուն մօտ նստած ըլլալով հետեւեցայ, թէ ինչպէ՞ս Պատրիարքը զանազան հարցերու գծով կ՚ուզէր իմանալ Վեհափառ Հայրապետին տեսակէտը։ Միջանկեալ նաեւ յայտնեմ, որ Րաաի Պատրիարքը, Վատիկան մեկնելէ առաջ շուրջ երկու շաբաթներ, յաճախ իմ միջոցաւս, հեռաձայնային կապեր հաստատեց Վեհափառին հետ եւ ուզեց իմանալ անոր առաջարկները, նկատի ունենալով որ ժողովի երկրորդ նիստին ան պիտի խօսէր եկեղեցւոյ դերակատարութեան մասին։

Հասանք Վատիկան։ Օդակայանէն սկսեալ եւ ամբողջ ժողովի տեւողութեան Վեհափառին շուրջ ըլլալով՝ տեսայ, լսեցի եւ վկայեցի, թէ ի՜նչ բարձր յարգանքով կը մօտենային Վեհափառին եւ մտերմիկ զրոյց կ՚ունենային անոր հետ Վատիկանի պատասխանատուները։ Տեսայ, լսեցի ու վկայեցի, թէ ինչպէս զանազան առիթներով Վեհափառը եւ Պապը զրոյցներ կ՚ունենային՝ դադարի ժամանակ, ճաշի պահուն եւ ամէ՛ն առիթի։

Եւ երբ վերադարձի ճամբուն վրայ առիթը ներկայացաւ՝ Վեհափառը յայտնեց, թէ առանձին զրոյցներու ընթացքին խնդրած է Պապէն,

– որ անձնապէս միջամտէ Ազրպէյճանի մօտ գտնուող հայ գերիներու շուտափոյթ վերադարձին, ինչպէս նաեւ Արցախի հարցին արդար լուծում տալու աշխատանքին՝ իր բարոյական հեղինակութիւնը ի գործ դնելով միջազգային համայնքէն ներս։

– թէ ինչպէս կարելի է ամերիկացիներն ու ֆրանսացիները մղել օգտակար հանդիսանալու Լիբանանի ներկայ տագնապի լուծման առաջնորդող միջոցներուն։

– թէ ինչպէս Վատիկանը կրնայ թելադրել Լիբանանի քաղաքական պատասխանատուներուն՝ շուտափոյթ կառավարութիւն մը կազմելու, որպէսզի բարելաւուի ժողովուրդին ընկերային-տնտեսական դժուար պայմանները։

Ժողովին, որ տեղի ունեցաւ դռնփակ, Վեհափառին տուած դասախօսութիւնը, ներկաներուն իսկ վկայութեամբ, մեծ ընդունելութիւն գտած է բոլորին կողմէ, ինչպէս նաեւ ժողովի ընթացքին Վեհափառին արտայայտած տեսակէտները, ներկայացուցած պատկերացումները, եւ վերջին նիստին հինգ կէտերէ բաղկացած իր եզրափակիչ ուղեգիծը, եւ վերջապէս Վատիկանի հանդիպումը գործընթացքի վերածելու իր առաջարկը։

Դադարներու եւ զրոյցներու ընթացքին ժողովականներուն եւ Վատիկանի պատասխանատուներուն այնքա՛ն դրական արտայայտութիւնները Վեհափառին մասին, ինչպէս նաեւ Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպանին եւ այլ պատասխանատուներուն, պարզապէս կարելի չէ մոռնալ։

Վերոյիշեալ հակիրճ նշումները յստակօրէն ցոյց կու տան Վատիկանի ունեցած մեծ յարգանքն ու վստահութիւնը Վեհափառ Հայրապետին նկատմամբ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն յատուկ ակնկալութիւնը մեր Հայրապետէն։

Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն ժողովը կարեւոր իրագործում մըն էր, եւ անոր յաջողութեան մէջ առանցքային էր դերը Վեհափառ Հայրապետին՝ բոլորին վկայութեամբ։

Այս բոլորը տեսայ, լսեցի ու վկայեցի։

Անթիլիաս
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին