Մինչ անյոյս մթնոլորտ մը կը տիրէ Լիբանանի մէջ ինչ կը վերաբերի լիբանանեան թղթոսկիին դիմաց տոլարի սակի սանձարձակ մագլցումին եւ կառավարութեան կազմութեան գէթ նշոյլ մը յոյսի բացակայութեան, քաղաքական կողմեր կը սպասեն Հըզպալլայի առաջնորդ Հասան Նասրալլայի այսօրուայ համար նախատեսուած ճառին ան յոյսով, որ ան կրնայ բովանդակել լուծումներու առաջարկներ: