Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

Լիբանանցի Հոգեւորական Մաժտի Աալաուիի Որդին Մահացած Է Խորհրդաւոր Պայմաններու Տակ

Ընկերային ծառայութիւններու մէջ մեծ նուիրում ունեցող Լիբանանցի  հոգեւորական Մաժտի Աալաուի որդին՝ Մաթիոն մահացած գտնուած է իր բնակարանին մէջ։

Մինչեւ հիմա յայտնի չեն երիտասարդին մահուան իսկական պատճառները եւ նոյն առումով անոր ընտանիքը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ մը, հանրութենէն խնդրելով լռութիւն պահել  իրենց որդւոյն մահուան  պատճառները քննարկելու վերաբերեալ։

Յիշեցնենք, որ Մաժտի ոչ-քրիստոնեայ համայնքի անդամ լիբանանցի մըն է, որ ինքզինք նուիրած է եկեղեցական ծառայութեան։ Ան մկրտեալ քրիստոնեայ դարձած է ու ստացած հոգեւորականի կոչում եւ մեծ ճանաչում ունի շնորհիւ ընկերային ոլորտին մէջ իր ծաւալած  աշխոյժ գործունէութեան։

Նշենք նաեւ, որ Աալլաուի, քարոզախօսական նպատակներով այցելութիւն տուած էր Հայաստան եւ եղած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հիւր- քարոզիչը։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին