Շաբաթ, 20. 04. 2024

spot_img

Գառնիկ Անանեան

Գառնիկ Անանեան (22 Յունիս 1934, Իջեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, ԱԽՖՍՀ, Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւններու Միութիւն – 20 Նոյեմբեր 2007, Երեւան, Հայաստան) հայ գրականագէտ, հրապարակախօս, բանասիրական գիտութիւններու մասնագէտ, (1986), Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան հիմնարկի հիմնադիր դեկան, 2006-էն Ազգային ակադեմիոյ թղթակից անդամ, ԽՍՀՄ գրողներու միութեան անդամ 1974-էն։

Ծնած է Իջեւանի մէջ։ 1958-ին աւարտած է Երեւանի համալսարանի բանասիրական հիմնարկը։ 1958-1959-ններուն աշխատած է Իջեւանի «Լենինեան ուղիով» շրջանային թերթին մէջ, 1960-1961-ններուն՝ ՀԼԿԵՄ Իջեւանի շրջկոմին մէջ իբրեւ առաջին քարտուղար։ 1962-1965-ններուն ուսանած է Երեւանի համալսարանի յետ-ընթացաւարտին մէջ։

1965-էն սկսեալ դասախօսած է Երեւանի համալսարանին մէջ։ 1965-ին «Հայ գեղարուեստական գրականութիւնը եւ քննադատութիւնը «Մուրճ» ամսագիրին մէջ (90-ական թուական)» թեմայով աւարտաճառ պատրաստած է եւ ստացած է բանասիրական գիտութիւններու թեկնածուի աստիճան: 1982-ին «Եղիշէ Չարենց (կեանքի եւ ստեղծագործութեան փրոպլեմներ)» թեմայով աւարտաճառ պատրաստած է եւ ստացած է (1983) բանասիրական գիտութիւններու դոկտորի աստիճան։

1977-1985-ններուն եղած է Երեւանի համալսարանի հրատարակչութեան վարիչը։ Նախաձեռնողն է «Ուսանողի գրադարան», «Հայագիտական հետազօտութիւններու մատենաշար», «Քրեստոմատիա» շարքերուն։ 1985-1996-ներուն եղած է ԵՊՀ բանասիրական հիմնարկի աւագերէցը, ապա լրագրութեան ամպիոնի հիմնքին վրայ ստեղծած է լրագրութեան հիմնարկը, որուն աւագերէցն էր մինչեւ մահ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին