Շաբաթ, 20. 04. 2024

spot_img

Փանթուրքիզմը Ծրագրողն Ու «Իթթիհատ»ը Առաջնորդողը …

Տեսակէտ
ՄԵԹՐ ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

Ամէն հայ պետական պաշտօնատար, հասարակական գործիչ, մտաւորական, կուսակցութեան մը կամ մշակութային միութեան մը անդամ, հարկ է գիտնայ եւ ճանչնայ ովքե՞ր էին Փանթուրքիզմի Ծրագիրը մշակողներն ու «Իթթիհատ վէ Թերաքքը» երիտթրքական կուսակցութեան հիմնադիրներն ու առաջնորդողները, որովհետեւ Փանթուրքիզմի Ծրագիրն էր բուն նպատակը Մեծ Եղեռնի Հայասպանութեան ու Արեւմտահայաստանի հայաթափումին ու զաւթումին, իսկ երիտթուրքերն էին Մեծ Եղեռնի երկակ ոճիրները գործադրող ճիւաղները։ Քանի որ Փանթուրքիզմի Ծրագիրը այսօր եւս կը սպառնայ ոչ միայն Հայութեան լինելութեան, այլեւ՝ Ռուսաստանի ազգային անվտանգութեան, ուստի եւ այս պատճառով՝ Հայաստանը, Արցախը եւ Ռուսաստանը կը դառնան բնական ճակատագրակիցները, ու հետեւաբար ալ՝ զինակիցներ Փանթուրքիզմի Ծրագրին դէմ։ Երբ այս երեքին գոյութենական գերագոյն շահերը կը համընկնին իրարու հետ՝ անշրջանցելի դարձնելով Ռուսական Արեւելումը Արեւելահայաստանի եւ Արցախի համար, եւ խիստ վնասակար՝ Արեւմտաթրքական Արեւելումը։

Արցախի դէմ վերջին թուրք-թաթար-ՕԹԱՆ-եան պատերազմը եկաւ անգամ մը եւս վերահաստատելու վերոյիշեալ աշխարհաքաղաքական իրականութիւնները։

20-րդ դարու բոլոր մեծ ռազմաքաղաքական փոթորիկներու ետին, մէջ եւ շուրջ՝ վճռական դերը ունեցան երեք ծաւալապաշտական, ցեղապաշտական եւ կրօնապաշտական վարդապետութիւններ կամ ծրագրեր. Փանթուրքիզմը, Նացիզմը եւ Սիոնիզմը։ Պատմական դիպուածներու արդիւնք կամ հետեւանք չէ այն իրողութիւնը, որ այս երեքը գրաւեցին համաշխարհային թատերաբեմը, երբ գաղթատիրական աշխարհակարգը (հասարակարգը) հասած էր իր զարգացման լրացումի հանգրուանին։

19-րդ դարու վերջին քառորդին, դրամատիրական գերզարգացած տէրութիւնները արդէն գրաւած էին բոլոր ցամաքամասերու գաղութները եւ գաղութացուելիք նոր երկիրներ մնացած չէին Երկիր մոլորակին վրայ։ Հետեւաբար, դրամատիրական մեծ տէրութիւնները (աւելի ճիշդ՝ անոնց դրամատիրական դասակարգերը), իրենց տնտեսութեան առաւել զօրացման ու շահերուն կուտակման համար, կը մղուին իրարու ձեռքէ խլելու մինչ այդ գաղութացուած երկիրները՝ այդ գաղութներու բնական հարստութիւնները, հում նիւթերն ու աժանագին աշխատուժը շահագործելով կարենալ պահպանելու եւ առաւել ուռճացնելու իրենց տնտեսական բարգաւաճումը։

Այսինքն. քաղաքատնտեսագիտական լեզուով, գերզարգացած դրամատիրական տէրութիւնները հասած էին իրենց զարգացման վերին հանգրուանին՝ իմփերիալիստականին, որ կը պահանջէր աշխարհի վերաբաժանումը (գաղութներու վերաբաժանումը իրենց միջեւ)։ Եւ՝ իմփերիալիստական հին տէրութիւններու ակումբին մրցակիցը դարձած էր երիտասարդ իմփերիալիստական տէրութիւն մը՝ Գայզերական Գերմանիան, որ իրականացուցած էր Համագերմանականութեան Ծրագիրը եւ աչքը յառած էր իսլամական երկիրներուն (Արեւելքին) եւ հիմնած էր Համա-իսլամական Կեդրոնը…։

Արեւմուտքի իմփերիալիստական հին տէրութիւններն ալ իրենց աչքերը յառած էին դէպի արեւելք ծաւալելու ուղղութեամբ, որուն գործնական լծակներն ու յուսալի միջոցները կը հանդիսանային՝ Փանթուրքիզմի, Նացիզմի եւ Սիոնիզմի ծաւալողական ծրագրերն ու վարդապետութիւնները։

Իմփերիալիստական դարաշրջանին յայտնուեցան նաեւ փոքրածաւալ ու կարճատեւ այլ ծաւալողական ծրագրեր, վարակուած ըլլալով այս դարաշրջանի վիրուսէն (ժահրէն), ինչպէս՝ Իտալական Ֆաշիզմի «Միջերկրականեան Կայսրութեան» ծրագիրը, որ կ՚ուզէր վերականգնել Հռոմէական Կայսրութեան փառքը։ Ֆրանսական Փեթէնիզմի «Ֆրանսական Կայսրութեան» ծրագիրը, որ կ՚ուզէր Ափրիկէն կցել Ֆրանսային…։ Սպանական Ֆրանքիզմը, որուն փաղանգները կ՚ուզէին վերականգնել «Անպարտելի Արմատա»յի փառքը (Լիբանանի «Գէթէ՚իպ» – Փաղանգաւորական Կուսակցութիւնը ներշնչուած է Սպանիոյ Ֆրանքիզմէն, եւ կ՚երեւի թէ կ՚ուզէր վերականգնել Փիւնիկէի փառքի օրերը…)։ Չմոռնանք՝ նոյնիսկ «Ծովից Ծով Հայաստան»ի քմշանկարը…։

Երբ վերլուծելու ըլլանք Սիոնիզմի, Փանթուրքիզմի եւ Նացիզմի ծրագրերու ծննդոցը, դերակատարումը եւ անոնց ունեցած հետեւանքները հասարակագիտութեան, քաղաքատնտեսագիտութեան եւ հոգե-ախտաբանութեան դիտանկիւններէն, բազմաթիւ նմանութիւններ, զուգահեռներ եւ առնչութիւններ կը պարզուին այս երեք ծաւալողական ծրագրերուն միջեւ։ Բայց, այս գրութեամբ կ՚ուզենք միայն ցոյց տալ այն առնչութիւնները, որոնք գոյութիւն ունին Սիոնիզմի եւ Փանթուրքիզմի միջեւ, որոնք պորտակապային են եւ մինչեւ այսօր կը շարունակուի անոնց գործակցութիւնը, որ երէկ սպառնաց Հայաստանի լինելութեան, եւ այսօր ալ՝ կը սպառնայ Արեւելահայաստանի  եւ Հայութեան լինելութեան՝ այնքան ժամանակ որ Իսրայէլ կը մնայ Սիոնական, եւ Թուրքիա՝ Փանթուրքական։

Սակայն, չենք կրնար չյիշել, որ իմփերիալիստական դարաշրջանի ծնունդը եղող այս երեքը, հաւասարապէս գործեցին Ցեղասպանութեան ոճիրը մարդկութեան դէմ… որ նոյնպէս չարիքներէն մէկն էր Իմփերիալիզմի դարաշրջանին՝ մեծահռչակ պատմագիր Առնոլտ Թոյնպիի վկայութեամբ, երբ իր ինքնակենսագրութեան մէջ գրեց հետեւեալը. «Հին դարերուն մէջ չենք հանդիպիր այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, ուր ճանաչում գտած ըլլար մարդկային ցեղի մարդկայնութիւնը այնքան որքան այսօր։ Այդուհանդերձ, այն դարը որուն մէջ ես ապրեցայ, ճանչցաւ այնպիսի վայրենի վարդապետութիւններ, որոնք բացէ ի բաց կ՚ուրանան այդ մարդկայնութիւնը եւ կ՚արդարացնեն խենշ ոճիրներ… ինչ որ մեզ ստիպեց դարբնելու նոր բառ մը՝ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ, որպէսզի կարողանայինք բնութագրել ջարդերու այս նոր տեսակը…»։։ Այսինքն. ջարդերու իմփերիալիստական թրքօ-նացիասիոնական տեսակը։

Ներկայ գրութիւնը, կեդրոնանալով սիոնափանթուրքական պորտակապային առնչութեանց ու մինչեւ օրս շարունակուող ստրատեգիական զինակցութեան վրայ, նպատակ ունի՝ մեր ժողովուրդի կրած խայտառակ պարտութեան ստեղծած ճգնաժամային օրերուն, սթափեցնել Տարագիր Արեւմտահայութիւնն ու սգաւոր Արեւելահայութիւնը, որպէսզի՝ րոպէ մը անգամ, Հայոց Սասունցի Դաւիթը չգտնուի Կուլիվերի Հսկային վիճակին մէջ, երբ ան՝ քնացած պահուն, կապկցուեցաւ եւ սպաննուեցաւ…։ Երբ մեր շրջապատը լեցուն է գորշ գայլերով, պարտաւոր ենք մշտարթուն ըլլալ եւ աշակերտել Աղուիսագիրքին կամ Նիքոլօ Մաքիաւելլիին։

Ա. – Ո՞ՎՔԵՐ ՄՇԱԿԵՑԻՆ ՓԱՆԹՈՒՐՔԻԶՄԻ ԾՐԱԳԻՐԸ

Պատմագիտական բազում հետազօտութիւններ կու գան անհերքելիօրէն փաստելու, որ Փանթուրանիզմի եւ Փանթուրքիզմի քարոզչութիւնը կատարողները եղած են՝ հինգ հունգարահպատակ, աւստրիահպատակ, լեհահպատակ, ֆրանսահպատակ եւ գերմանահպատակ հրեայ-սիոնական պատմագէտներ, 1873-1923 տարիներու ընթացքին հնարելով «Մեծ Թուրան» անունով, լայնածիր տարածութեամբ, Եւրոպայի կեդրոնէն մինչեւ Չինաստանի սահմանը հասնող եւ պատմութեան մէջ գոյութիւն չունեցած կայսրութիւն մը, որ քայքայուած է երբ անոր թրքացեղ բնակչութիւնը սկսած է դաւանիլ իսլամը, եւ զոր հարկ է վերականգնել՝ սատարելու համար մարդկային քաղաքակրթութեան զարգացումին։

Թէ անհատ պատմագէտներ կրնա՞ն հնարել կայսրութիւն մը, որ գոյութիւն չէ ունեցած պատմութեան մէջ։ Այս հարցումին կը պատասխանենք, որ սիոնական պատմագէտը կրնայ. ինչպէս կը վկայէ Թել-Ավիւի Համալսարանի պատմութեան ոչ-սիոնական հրեայ դասախօս Փրոֆ. Շլոմօ Սանտ (Prof. Shlomo Sand), հրատարակելով 650 էջերով ակադեմական ու փաստագրուած հատորը, նկարագրելով թէ ի՞նչպէս սիոնական պատմագէտները յաջողած են հնարել «հրեայ ժողովուրդի մը գոյութիւնը», երբ հրեայ ժողովուրդ չկայ, այլ միայն՝ հրէական կրօն (Մովսիսականութիւն) (Եթովպիոյ սեւամորթ ֆալաշաները մովսիսական են…)։ Փրոֆ. Շլոմօ Սանտ իր այս հատորը հրատարակեց Փարիզի մէջ, ֆրանսերէն լեզուով, “Comment Füt Inventé le Peuple Juif?” վերնագրով, 2008 թուին, Faillard հրատարակչատունէն։ Յաջորդ տարին հատորը հրատարակուեցաւ Լոնտոնի մէջ, անգլերէն լեզուով. “How the Jewish People Was Invented?”։

Իսկ առաջին թուրք պատմագէտը, որ գրած է Փանթուրքիզմի մասին՝ Զիա Կէօքալփ, 1923 թուին (1915-էն ետք) հրատարակեց “Türçülügün Esaslari” խորագրով գիրքը։

Բայց արդէն, շատ մը օտար պատմագէտներ եւ բրիտանական գաղտնի սպասարկութիւնը, բացայայտած են որ Փանթուրքիզմի Ծրագիրը յղացողները թուրքեր չեն, այլ՝ «եւրոպացի»ներ։ Եւ՝ թուրքերուն ծառայելէ աւելի, ան կը ծառայէ Արեւմուտքի այն տէրութիւններուն, որոնք դէպի Արեւելք ծաւալելու ծրագիր ունին։

Բրիտանացի պատմագիր MEARS, ELLIOT GRINNEL, իր “Modern Turkey” հատորի 511-րդ էջին վրայ կը գրէ. «Բրիտանական կառավարութեան Հետազօտական Գրասենեակի կողմէ՝ Փանթուրքիզմի մասին պատրաստուած գաղտնի տեղեկագրին մէջ գրուած է. “Իր ծագումով, Փանթուրքիզմը՝ ա) արհեստական է, եւ բ) եւրոպական է։ Օսմանցիները զայն չարտաբերեցին պարսկական գրականութենէն՝ իրենք իրենց համար… ասիկա իրենց ՏՐՈՒԱԾ ԷՐ Եւրոպայի կողմէ, եւ իրենք դարպասողները չէին, այլ՝ ԴԱՐՊԱՍՈՒՈՂՆԵՐԸ”»։

Անգլիացի երկու ականաւոր պատմագիրներ՝ KIRWOOD եւ TOYNBEE, իրենց միասնաբար գրած “Turkey” հատորի 57-րդ էջին վրայ գրած են. «Թուրանական քարոզչութեան նպատակը մենք կը հասկնանք եւ կ՚ըմբռնենք՝ եթէ յիշելու ըլլանք, որ թրքերէն խօսող մարդոց ընդհանուր թիւին երկու երրորդ մասը կը բնակին Ռուսաստանի սահմաններէն ներս, եւ կարծէք՝ Թուրանական Շարժման հետապնդած բուն նպատակն է Ռուսաստանի տկարացումը»։

Փանթուրքիզմի Ծրագիրը մշակող հրեայ-սիոնական պատմագէտներուն հրատարակած հատորները հետեւեալներն են.

Հունգարահպատակ Արմինիուս Վամպերի (Arminius Vambery), 1873-ին, Լոնտոնի մէջ կը հրատարակէ “Bukhara” հատորը, եւ 1874-ին, նոյնպէս Լոնտոնի մէջ՝ “Central Asia”, որոնք կը խօսին թուրքերու ցեղային գերակայութեան եւ անցեալի փառքին մասին։

Աւստրիահպատակ Ֆրանց Ֆոն Վերներ (Franz Von Werner), 1877-ին, Լայփցիկի մէջ կը հրատարակէ “Turkische Skizzen” հատորը (Մուրատ Էֆենտի (Murad Efendi) թրքական կեղծանունով), որուն մէջ կը խօսի թուրք ցեղի անխուսափելի վերածնունդի մասին եւ կ՚ուրուագծէ Փանթուրքիզմի Ծրագիրը։

Լեհահպատակ Քոնսթանթի Փրոժեցքի (Constanty Brozecky), Փարիզի մէջ, 1889-ին կը հրատարակէ իր “Les Turcs Anciens et Moderne” հատորը, նոյնպէս թրքական կեղծանունով՝ Մուսթաֆա Ճելալետտին Փաշա (Mustafa Jelaleddine Pasha), որուն մէջ ան կը փառաբանէ Հին Թուրքերու ցեղային գերակայութիւնն ու առնականութիւնը (փահլութիւնը) եւ կ՚ողբայ Արդի Թուրքերու քայքայումը եւ անոնց ցոյց կու տայ անծայրածիր Թուրանի կայսրութիւնը վերականգնելու ուղին՝ իսկական փաշայի մը հրամաններով։

Ֆրանսահպատակ Լէոն Քահիւն (Leon Cahun), Փարիզի մէջ, 1896-ին կը հրատարակէ իր “Introduction à l’Histoire de l’Asie: Turcs et Mongols des Origines à 1405” հատորը, որուն մէջ ան փառքը կը հիւսէ երկու ճիւաղներու՝ Ճենկիզխանի եւ Լենկթիմուրի, որոնք կերտած են (եղե՜ր) թուրանական մեծ կայսրութեան փառքը… եւ սակայն, յետոյ՝ իսլամութիւնը դաւանելով քայքայուեր են ու յետադիմեր…։ Այս ֆրանսահպատակ հրեայ-սիոնականի չար բախտէն, ինք ծանօթ չէ եղած 17-րդ դարու օսմանցի թուրք ուղեգիրներու մոնկոլներու մասին կարծիքին։ Թուրք ուղեգիր Էվլիա Չելեպի, իր «Ուղեգրութիւն» գիրքին մէջ, Լենկթիմուրը ներկայացուցած է որպէս՝ ՕՏԱՐ, ԲՌՆԱԿԱԼ, ԴԱՀԻՃ… որպէս զզուելի, խաւարամիտ տիրակալ (տես՝ «Էվլիա Չելեպի, Թրքական Աղբիւրներ», Երեւան, 1967, էջ 150)։

Հինգերորդը՝ գերմանահպատակ հրեայ-սիոնական Ալպերթ Քոհեն (Albert Cohen), եղած է ամէնէն հետեւողական ու արտադրող քարոզիչը Փանթուրքիզմի Ծրագրին։ Թրքական Թեքին Ալփ (Tekin Alp) կեղծանունով, ան հրատարակած է գերմաներէն ու թրքերէն լեզուներով հետեւեալ հատորները.

1915 թուին, Weimar-ի մէջ, գերմաներէնով՝ “Turkismus und Pan-Turkismus” հատորը, անգլերէնով՝ “Thoughts on the Nature and Plan of a Greater Turkey” հատորը, մէջբերուած Toynbee-ի “Past and Future” հատորէն, եւ թրքերէնով՝ Tekin Alp (alias), Albert Cohen, “Harbden Solha Intikal Iktisadiati; Devlet Iktisadiati”, որ հետագային լոյս տեսած է նաեւ երկու անգամով՝ թրքական “Iktisadiat Mecmuasi” հանդէսի Բ. տարի թիւ 62 (16 Օգոստոս 1919) եւ թիւ 64 (14 Սեպտեմբեր 1919) համարներուն մէջ։

Ուշագրաւ է այն, որ Սիոնիզմը պաշտօն տուած է այլ գրողներու՝ մոռացութեան տալու Թեքին Ալփի հրէական ինքնութիւնը։ Այսպէս.

Jacob Landau սիոնականը, անգլերէնով եւ թրքերէնով հրատարակած է սա հատորները՝ “Tekin Alp a Turkish Patriot” եւ “Osmanli Imperatorlugun son Devrinde Bin Aydin”։

Որքան յառաջ տանինք մեր հետազօտութիւնը այս ուղղութեամբ, այնքան նոր հրեայ-սիոնականներու կը հանդիպինք, որոնք գործածած են թրքական կեղծանուններ։ Այս մասին, մենք պատահմամբ գտած ենք նաեւ, որ Fuad Bey կոչուածը՝ Leo Noussimbaum հրեայ-սիոնականն է։

Բ.–   Ո՞ՎՔԵՐ ՀԻՄՆԵՑԻՆ ԵՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴԵՑԻՆ «ԻԹԹԻՀԱՏ ՎԷ ԹԵՐԱՔՔԸ» ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ

Շատ-շատեր կը կարծէին թէ երիտթուրքերու շարժումը թրքական ազգայնական շարժում մըն էր, որ որդեգրած էր Սիոնիզմի մշակած Փանթուրքիզմի Ծրագիրը՝ զայն թրքացնելով։

Բայց, պատմական տուեալները ցոյց կու տան, որ երիտթուրքերու «Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն» (Իթթիհատ վէ Թերաքքը) կոչուած կուսակցութիւնն ալ՝ հարիւր տոկոսով, իր պորտով կապուած էր Սիոնիզմին։ Իր հիմնադրութեան օրէն մինչեւ վերջ՝ ան առաջնորդուած, կազմակերպուած եւ ֆինանսաւորուած էր Սիոնիզմի համաշխարհային գործակալութեան կողմէ՝ Մակեդոնիոյ սիոնական-մասոնական երկու մեծագոյն օթեակներուն կողմէ։ Այսինքն. երիտթրքական շարժումը ստեղծուած ու ղեկավարուած էր Սիոնիզմի կողմէ, գործադրելու համար՝ նոյնինքն Սիոնիզմի մշակած Փանթուրք Ծրագիրը։ Եւ արդէն՝ Մեծ Եղեռնը գործադրուեցաւ գործնապէս երիտթուրք կազմակերպութեան ձեռամբ, եւ ոչ թէ՝ Օսմանեան Սուլթանի…։ Նոյն այն երիտթուրքերը, որոնք Ապտիւլ Համիտ Բ. Սուլթանը տապալեցին, քանի որ մերժած էր Պաղեստինի կապակցութեամբ Հերձելի առաջարկը…։

Այսպէս.

1492 թուականէն ի վեր, Մակեդոնիոյ Սալոնիկ (Թեսաղոնիկէ) քաղաքին մէջ հաստատուած էր մեծաթիւ հրէական համայնք մը՝ Սպանիայէն արտաքսուած հրեաներու, որոնք իրենց անկախ գոյութիւնը կարենալ պահպանելու համար, մէկ կողմէ հաւաքաբար երեսանց ընդունեցին իսլամի կրօնը, համարկուելով տեղւոյն ժողովուրդին, միւս կողմէ՝ կազմակերպուեցան որպէս միասնական համայնք, պահպանելով իրենց անկախութիւնը։ Այս համարկումն ու ինքնակազմակերպումը զիրենք փրկեց ձուլումէ՝ թուրք տէօնմէներու համայնք կոչուելով հանդերձ։

Այս համայնքին կազմակերպչական դրութիւնը ծածկագիտական էր (occult)՝ յար եւ նման մասոնականին։ Համայնքին վերին ղեկավարութիւնը, վերահսկողութիւնն ու ֆինանսաւորումը կը կատարէր Սիոնական Համաշխարհային Գործակալութիւնը՝ համայնքի երկու մեծագոյն մասոնական օթեակներու միջոցով։ Այս երկու օթեակներն են որ հիմնեցին Իթթիհատ վէ Թերաքքը երիտթրքական կազմակերպութիւնը՝ Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.ը տապալելու համար։ Գլխաւոր հիմնադիր դէմքերն էին՝ Էնվերը, Թալէաթը, Ճաւիտը եւ Ճեմալը (այս առաջին երեքը հրեայ-սիոնականներ էին, բացի Ճեմալէն

Անգլիացի պատմաբան Seton Watson, 1912-ին Լոնտոնի մէջ լոյս տեսած իր “The Rise of Nationality in the Balkans” գիրքին 135-136 էջերուն վրայ կը գրէ. «Իթթիհատ վէ Թերաքքըն ոչ թրքական է եւ ոչ ալ իսլամական։ Այդ կազմակերպութեան բոլոր հիմնադիր անդամները, առանց բացառութեան, հրեաներ են։ Կազմակերպութիւնը կը ֆինանսաւորուի Սելանիկի հարուստ հրեաներէն եւ համաշխարհային հրէական դրամատիրութենէն»։

Անգլիացի ծանօթ պատմագիր՝ Առնոլտ Թոյնպին, իր “History of the Muslims”  գրութեան մէջ, որ հրատարակուած է Մեծն Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պատմական բաժանմունքին վերահսկողութեան տակ, պատրաստուած “Handbooks” մատենաշարի գիրքերէն մէկուն մէջ, գրած է. «Մակեդոնիոյ Սելանիկ քաղաքի հրէութիւնը անբաժանելի մասը կը կազմէր Իթթիհատ վէ Թերաքքը կազմակերպութեան»։

Կ. Պոլսոյ մօտ Անգլիոյ դեսպանը՝ Lauther, իր երկրի արտգործնախարարութեան յղած յղած տեղեկագրութիւններուն մէջ, Իթթիհատ վէ Թերաքքը կուսակցութեան մասին կը խօսի որպէս հրէական կազմակերպութիւն, իսկ երիտթուրքական կառավարութեան մասին՝ որպէս հրէական կառավարութիւն։

Այս մասին նմոյշներ տպուած են “Middle Eastern Studies” հանդէսի vol. 7, No. 1 (1971) համարին մէջ։ Նաեւ՝ “Gooch and Temperley” vol. IX, part I, No. 38 համարին եւ Մեծն Բրիտանիոյ F.O. Confidential Enclosures շարքին 2008-2009 էջերուն վրայ։

Նոյնիսկ թուրք բանասէր մը՝ Շիւքրիւ Հանիօղլու, իր մէկ ուսումնասիրութեան մէջ՝ “Notes on the Young Turks and the Freemasons`’ (հրատարակուած “Middle Eastern Studies” հանդէսի vol. 7, No. 8, 1985), 193-րդ էջին վրայ կը գրէ. «Իթթիհատի վերին ղեկավարութիւնը՝ Dahili Merkezi Umumisin, կազմուած էր երկու մեծագոյն մասոնական օթեակներէ»։

Մեր Իսթանպուլ գտնուած օրերուն, գրավաճառի մը խանութէն գնած ենք հետեւեալ հատորը. “Dunyado ve Türkiyede Masonluk” (Istanbul, 1945, Başak Yayinevi), որուն մէջ գրուած է. «Իրականութեան մէջ, Իթթիհատ վէ Թերաքքը կուսակցութիւնը մասոնական օթեակներու մէկ նմանակն էր։ Եւ եթէ հարցերուն այս անկիւնէն նայելու ըլլանք, կը տեսնենք որ մասոնները շատ մեծ դեր ունեցած են Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.ի գահընկեցութեան մէջ»։

Նոյնինքն Գեազըմ Գարապեքիր Փաշան, որ մեծ երիտթուրք աղուէս մըն էր ու խորամանկ, իր 1945 թուին լոյս տեսած մեծկակ գիրքին՝ Karabekir, Kåzım, “Ittihat ve Terakki Cemiyeti” վերնագրով, 850-րդ էջին վրայ, անցողակի գրած է. «Մենք պէտք է ըսենք նաեւ՝ որ Իթթիհատի մէջ կային փոքրաթիւ հրեաներ եւ մասոններ»։

Մինչդեռ, Էլի Քետուրի բանասէրը ամբողջական ուսումնասիրութիւն մը ունի “Middle Eastern Studies” հանդէսին մէջ, որուն պերճախօս խորագիրն է՝ “Young Turks, Freemasons and Jews”, որ լոյս տեսած է յիշեալ հանդէսի 1971 թուի 717 հատորի թիւ 1 համարին մէջ։

Դժբախտաբար, հայ պատմագրութիւնը եւ մամուլը շատ ժլատ ու յետամնաց վերաբերմունք ունի Սիոնիզմի եւ Իթթիհատի իսկութեան մասին։ Կամ՝ աւելի ճիշդը, մեղաւոր գաղտնապահութիւն մը ունեցած է, գլխաւորաբար՝ ՀՅԴ-երիտթուրք տխմար ու տգիտական գործակցութեան պատճառով… մինչեւ օրս։ Միակ ուսումնասիրութիւնը, որ մասնակիօրէն անդրադարձած է Սիոնիզմի դերին՝ Փանթուրքիզմի եւ Իթթիհատի ծննդոցին մէջ, վաղամեռիկ խիզախ ու հայրենասէր պատմաբան Ճոն Կիրակոսեանին կը պատկանի, անոր «Երիտթուրքերը՝ Պատմութեան Դատաստանի Առաջ» երկհատոր աշխատասիրութեամբ։ (Մենք համեստօրէն կ՚ուզենք արձանագրել, որ այս մասին, բազմակողմանի բայց նախնական միակ ուսումնասիրութիւնը կը հանդիսանայ մեր փոքրածաւալ, այլ՝ լայն աղբիւրագիտութեամբ ուսումնասիրութիւնը՝ «Սիոնիզմի եւ Փանթուրքիզմի Առնչութիւնները եւ Անոնց Սպառնալիքը Հայութեան Լինելութեան» հատորը, լոյս տեսած Պէյրութ, 1990 թուին)։

Եւ տակաւին. Մեծ Եղեռնէն 106 տարիներ վերջ ու մեր խայտառակ պարտութեան օրերուն իսկ, կը շարունակուի մեր աններելի լռութիւնը։

Մեր ազգին արժանապատւութիւնը չի՞ վիրաւորուիր մեր այս լռութեամբ, երբ միւս կողմէ արաբական պատմագրութիւնը ցարդ հրատարակած է մօտ 30 պատմագրական հատորներ՝ Իթթիհատ վէ Թերաքքը կուսակցութեան սիոնափանթուրքական ֆաշականութեան շուրջ։

Մանաւանդ, երբ նոյնիսկ թուրք պատմաբան մը՝ Ճեւատ Ռիֆ՚աթ Աթիլհան, հրատարակած է “Türk Oglu! Duşmanini Tani” հատորը, 1960-ին, Իսթանպուլ, Aykurt Naşriyeti հրատարակչատունէն։

Այսպիսով չի՞ յստականար արդեօք, որ Փանթուրքիզմը՝ որպէս ԾՐԱԳԻՐ ու ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆ, յղացումն է եւ ձեռակերտը Սիոնիզմին…։

(Վերյիշեցնենք, որ Փանթուրքիզմը օգտագործեցին՝ ոչ միայն Սիոնիզմը, այլեւ՝ Մեծն Բրիտանիան, Գայզերական Գերմանիան, Իմփերիալիստական Ֆրանսան, Նացիական Գերմանիան, եւ հուսկ՝ Ամերիկեան Իմփերիալիզմը՝ Ա. եւ Բ. աշխարհամարտերու նախօրէին, ընթացքին եւ մինչեւ այսօր…)։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին