Հինգշաբթի, 18. 04. 2024

spot_img

Պատը

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

Պատը բաժանումի, ապահովութեան, ամրութեան հոմանիշն է ընդհանրապէս. Այդ կրնայ ըլլալ՝ նիւթական. քարէ, տախտակէ, ցեխէ կամ՝ մտային. այսինքն, աներեւոյթ, անհասկացողութեան, անհամաձայնութեան:Հուսկ՝ պատ մը կը գոյանայ յարաբերութեան միջեւ. անտեսանելի պատ, որուն արդիւնքը սակայն կը յայտնուի իրագործումի, գործառնութեան պարագային:

Պատմական անցեալի մէջ փոքր տարածութեամբ քաղաքներ շրջապատուած կ՛ըլլային ըստ տեղին,քարէ պատերով որոնց պարիսպ անունը կու տայինք:

Պատերը  բազմազան են: Հրեաներ ունին «Լացի  Պատը»: Մօտիկ անցեալին ալ ունեցանք այլ  Պատ մը՝ Պեռլինի պատը որ  կը բաժնէր Արեւելքը Արեւմուտքէն… իսկ այլ Պատ մը, «Երկաթէ Վարագոյր» անուանեալ, որ Խորհրդային Միութեան սահմաններն էին (այդպէս կ՛անուանէին շեշտելու  Խ. Միութեան վարչակարգը նկատի ունենալով Արեւմտեան աշխարհի քաղաքական շրջանակները, որոնք ազատութեան դրօշակակիրները նկատած էին իրենք զիրենք):

Երկիրներ իրենց սահմաններն ունին որոնք ի հարկէ ամրացուած են տուեալ երկրի բանակով, որ երբեմն անզօր է կասեցնելու թշնամի յարձակումները ու երկիրը կը ստիպուի պատով ինքզինք պաշտպանելու: Այդ տեսակ պարագայի մէջ գտնուեցաւ Չինաստան երբ ամէն մարզի մէջ յառաջդիմութիւն արձանագրեց. Հողամշակութեան, փիլիսոփայութեան եւ ստեղծագործական այլ մարզերու մէջ մանաւանդ Երկրի միասնութեան հետամուտ եղաւ իմաստուն ու  հզօր Կայսրը՝  Հուանկ-Դի որ փոքր նահանգները միացուցած էր ու կազմած մէկ Չինաստան, այրել տալով բոլոր օրինագիրքերը յանուն Մէկ Օրինագիրքի որով երկիրը պիտի առաջնորդուէր: Ան կառուցեց Չինաստանի նշանաւոր Պատը պաշտպանուելու համար Արեւմուտքէն արշաւող թաթարներու եւ այլերու դէմ (Ն. Քրիստոս 218 – 204)   2200քմ.  Երկայնքով: Անոր շինութիւնը պատճառեց անթիւ զոհեր  այդ պատճառաւ կ՛ըսուի «Աշխարհի  ամենամեծ գերեզմանը» որ, սակայն եղաւ հիմը ապահովութիւն կիրարկելու մտայղացումը, թէեւ Ճենկիզ Խան կրցաւ յաղթահարել զայն… Նիւթական այս հսկայ Պատը ոչինչ է Մտային Պատին՝ Անհասկացողութեան պատին բաղդատմամբ, որմէ կը ծնին պատերազմներ ու կը պայթին Աթոմական ռումբեր: Նոյն ազգի զաւակներ իրարմէ կը հեռանան նոյնիսկ՝ դժուար պարագաներու  փոխանակ միացման գործօն ըլլալու՝ հակառակին կը նպաստէ: Անջատում, վիհ պատճառելով որ ի հարկէ կործանարար է:

Կ՛ապրինք բացառիկ տագնապալի շրջան մը մեր պատմութեան խութերուն դեռ դարման չգտած մինչ թշնամին իր ամբողջ կարելիութիւններով ու լծակներով կ՛ուզէ Հայաստան անունն իսկ իր գրաւած տարածքներուն մէջ անհետ թողուլ քանդելով ինչ որ հայկական է, մինչ Հայաստանի մէջ ներքաղաքական կեանքը կը հեւայ խմբակցութիւններու ըսի ըսաւներու  կաթսային  մէջ եւ  ուժ մը չ՛երեւիր միասնութիւն դրսեւորելու  յանուն մէկ եւ ամուր ուղղութեան եւ գործելաձեւի իրենց զանազան մարզերու մէջ: Հարցախոյզներու  պատասխանող քաղաքացիները երկու գլխաւոր ճակատ են կազմած, ու դեր ու դէմ կարծիքներու տարափը անհաշտելի է: Ամէնէն յատկանշականը զոր լսեցի չափահաս անձէ մը. կ՛ուզեմ  խօսքը փոխանցել.-«Պիտի մասնակցիմ ընտրութիւններուն սակայն՝ բոլոր անունները  ջնջելով  քանի որ ՄԱՐԴ ՉԿԱՅ»: Ու՞ր ենք արդ: Այլ արտայայտութիւն մը ԼՕՍէն.«Ընտրութիւնը պիտի ըլլայ ՎԱՏԻՆ ԵՒ ՎԱՏԱԳՈՅՆԻՆ միջեւ»: Միթէ՞ ԱՅՍ պիտի ըլլայինք այսպիսի անձուկ պարագայի մէջ իսկ: Ի՞նչ պատասխան պիտի տանք Ապագայ սերունդին ԵԹԷ…

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին